Այս շաբաթավերջին կը սկսի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութիւնը, ուր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Արզի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան կը մասնակցի Նուժումի, Անդրանիկի, Տինամօ Պէյրութի, Ֆ. Ք. Պէյրութի, Սապիլի, Աթլեթիքոյի, Սանհարիպի Նօ Լիմիթցի եւ Արզի կողքին:
Իրենց վերջին փորձ-մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Բ. դասակարգի Սփորթինկ Ռիատի Պի. Էֆ. Էյ.-ի հետ, որուն մաս կը կազմեն 2 ափրիկեցի շատ լաւ եւ արագ մարզիկներ:
2 կոլերով ետ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պայքարեցան եւ կրցան 2 կոլեր նշանակել շնորհիւ Վարդան Սարգիսեանի եւ Սիմոն Փաչանեանի:
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջին շաբթուան ճակատումները, աւելի ուշ ալ ժամանակացոյցով, որ այսօր կը հաստատուի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ
Ֆ. Ք. Պէյրութ – Սանհարիպ
Անդրանիկ – Նուժում
Տինամօ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց
Սապիլ – Աթլեթիքօ
Անցեալ տարի լիբանանեան բանակը բարձրացած էր երրորդ դասակարգ, մինչ Զամալեք Պէյրութ 5-րդ դասակարգ իջած էր:
ՀՄԸՄ անցեալ տարի իր 9 մրցումներէն 4-ին կրցած էր յաղթել Ֆ. Ք. Պէյրութին (4-0), Զամալեքին (3-2), Նօ Լիմիթցին (2-1) եւ Նուժումին (6-1) եւ պարտութիւններ կրած էր Սապիլէն (1-3), Արզէն (2-6), Անդրանիկէն (1-4), Լիբանանեան բանակէն (1-2) եւ Տինամօ Պէյրութէն (2-5):
Աթլեթիքօ վերստին բարձրացած է Դ. դասակարգ եւ ունի լիբանանցի երիտասարդ մարզիկներ` մարզիչ Սեւակի ղեկավարութեամբ: