Մարզական

Սերժ Չոփուրեան Եւ Ղասսան Հաժժար  Մասնակցեցան Աւազներու Մարաթոնին

Սերժ Չոփուրեան Եւ Ղասսան Հաժժար Մասնակցեցան Աւազներու Մարաթոնին

Վերջերս Մարոքի մէջ տեղի ունեցաւ 250 քմ երկարող աւազներու մարաթոնը, որուն հազարէ աւելի մարզիկներ մասնակցեցան Մարոքի անապատին մէջ: Ասիկա իր տեսակին մէջ 39-րդ միջազգային մարաթոնն էր: Այս մարաթոնը անբնական կարողութիւն կը պահանջէ դիմանալու ամէն տեսակի կլիմայական փոփոխութիւններուն, ուր մարզիկները իրենց հետ կ՛ունենան իրենց ուտելիքը, քնանալու պարկը, ինչպէս նաեւ մաքրուելու իրերը: Ցերեկը շատ տաք կլիմայէն ետք գիշերը օդը կը սառի: Այս...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան` Եւրոպայի Խմբային Ախոյեան. Լալայեան Եւ Կարապետեան` Ոսկի Մետալակիրներ

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան` Եւրոպայի Խմբային Ախոյեան. Լալայեան Եւ Կարապետեան` Ոսկի Մետալակիրներ

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ վերջ գտաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին մետալներու խմբային հաշուով, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը գրաւեցին առաջին դիրքը: Տղոց ազգային խումբը ընդհանուր երկամարտի արդիւնքով 7 մետալ շահեցաւ` 2 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ, իսկ աղջկանց ազգային խումբը երեք արծաթ մետալ շահեցաւ: Փոքր մետալներով միասին հայ մարզիկները նուաճեցին ընդհանուր 27 մետալ` 7 ոսկի, 12 արծաթ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մըրենթ Վիրաւորուեցաւ,  Օքլահոմա Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ Վիրաւորուեցաւ, Օքլահոմա Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մեմֆիս, որ շատ լաւ ձեւով սկսած էր Օքլահոմայի դէմ 3-րդ ճակատումը, կորսնցուց իր աստղերէն` Ճա Մըրենթը, որ իր մէջքը ցաւցնելէ ետք կարծր ֆաուլի մը իբրեւ հետեւանք չկրցաւ շարունակել մրցումը, երբ Մեմֆիս 67-40 արդիւնքով կը յաղթէր Բ. մասի աւարտէն 3 վայրկեան առաջ: Ի վերջոյ Մեմֆիս Կրիզլիզ կորսնցուց մրցումը 114-108 արդիւնքով եւ այժմ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բաւական Դժուար  Յաղթանակ Մը Տարաւ Էն. Էս. Էյ.-ի Դէմ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բաւական Դժուար Յաղթանակ Մը Տարաւ Էն. Էս. Էյ.-ի Դէմ

Երթին 81-83 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը երկուշաբթի երեկոյեան 104-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Էն. Էս. Էյ. դարձին 2 օտարներ փոխած էր` ձեռք ձգելով Մոնթենեկրոյի Մարքօ Փարովիչը (սենթըր) եւ Տանիէլ Համիլթընը, որ շաբաթավերջին շահած էր օտար մարզիկներու 3 կէտ նշանակելու տիտղոսը: Նոյն տիտղոսի (3 կէտ) լիբանանցիներու առաջին դիրքը...

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մասիս` 4-1

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մասիս` 4-1

Լեռնալիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը սկսաւ անցեալ շաբաթավերջին եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մասիսը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ այս տարի իր կազմին մէջ առած էր Քարլոս Թոմասը, Արամ Ճեմեզեանը, Սլէյման Աքիլը, Հուսէյն Զալզալէն, Ալի Հայտարը, Մոհամետ Սապրան եւ Մոհամետ Քասեմը շատ լաւ ձեւով չսկսաւ եւ առաջին կիսախաղը 1-1 արդիւնքով աւարտեց: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Պայրագտարեան Ընդունեց Մայ Խալիլը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Մայ Խալիլը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլը, որուն կ՛ընկերակցէր փոխնախագահ Հասսան Ռոստոմ, գանձապահ եւ մամլոյ աշխատանքի պատասխանատու Հասսան Մուհիէտտինը: Պայրագտարեան մօտէն ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքին` աւելի յառաջդիմելու ապագայի ծրագիրներուն մէջ: Խալիլ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Պայրագտարեանին միութեան նկատմամբ իր վստահութեան համար եւ իր կարգին ներկայացուց 1 մայիսին...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Մնայ 3-րդ Դիրքի Վրայ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Մնայ 3-րդ Դիրքի Վրայ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը շարունակէ գրաւել աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ Ազուրի հետ ելոյթներու արդիւնքը ի նպաստ մրցակիցին է, մինչ Ռիատի 1 պարտութիւն կրած է եւ առաջին դիրքը կը գրաւէ 15 մրցումներէ ետք: Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 101-57 արդիւնքով յաղթած էր Մթայլեպին, ուր Ճելիըն Արչըր 31 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 5 սթիլ կատարած էր` դառնալով...

Մարք Հաժ Մասնակցեցաւ Լիբանանի  Դպրոցականներու Խումբին Հետ

Մարք Հաժ Մասնակցեցաւ Լիբանանի Դպրոցականներու Խումբին Հետ

Անցեալ շաբաթավերջին Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցաւ միջազգային ֆութպոլի մրցաշարք մը` դպրոցականներու խումբերու միջեւ: Լիբանանը ներկայացնող «Միշել Հատտատ» խումբին մաս կազմեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խմբապետ Մարք Հաժ: Խումբին ֆիզիքականի մարզիչն էր ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին ֆութպոլիստ Կերի Լեփեճեան: Առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Սերպիոյ «Ֆոն» խումբէն, «Միշել Հատտատ» խումբը կրցաւ այլ լիբանանեան խումբի մը` Էլ. Էյ. Եու. Պէյրութին յաղթել 5-1...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ազուրի Վրայ` 74-71 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ազուրի Վրայ` 74-71 Արդիւնքով

Երեքշաբթի գիշեր, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտը ականատես եղաւ շատ հետաքրքրական մրցումի, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս գրեթէ ամբողջ մրցումին ետ մնալէ ետք, վերջին 2 վայրկեաններուն կրցաւ հասնիլ ու անցնիլ Ազուրի եւ 3 կէտի առաւելութեամբ յաղթել նոյնիսկ: Մրցումին առաջին 2 կէտերը նշանակելէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ զսպել մրցակից խումբի բարձրահասակ օտար մարզիկներ Քայ Ճէյմզը, Իթալի Լուքասը, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մէյրուպա – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մէյրուպա – ՀՄԸՄ

Այսօր, ժամը 20:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Մէյրուպայի դէմ, այս վերջինիս «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին մէջ: Երթին, ՀՄԸՄ անակնկալի առջեւ գտնուած էր` բացման մրցումին պարտութիւն կրելով Մէյրուպայէն (88-96), եւ այսօր պէտք է զսպել Անյուրի Քասթիյոն, որ Մըզհերի մէջ 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակած էր: Ընդհանուր դասաւորման մէջ ալ ՀՄԸՄ 1 մրցումով կը գերազանցէ Մէյրուպան, եւ այսօր յաղթանակ մը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օրլանտօ Եւ Կոլտըն Սթէյթ  Գրաւեցին 7-րդ` Դիրքերը

«Էն. Պի. Էյ.» Օրլանտօ Եւ Կոլտըն Սթէյթ Գրաւեցին 7-րդ` Դիրքերը

Երէկ սկսան փլէյ-ինի մրցումները, ուր կը զտուին փլէյ օֆի հասնող խումբերը: Արեւելեան շրջանին մէջ Օրլանտօ Մեճիք 120-95 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլանթա Հոքսին, գրաւեց 7-րդ դիրքը, մինչ Արեւմտեան շրջանին մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրցաւ յաղթել Մեմֆիս Կրիզլիզին` իր կարգին գրաւելով 7-րդ դիրքը: Աթլանթա եւ Մեմֆիս տակաւին յոյս ունին հասնելու փլէյ օֆ, եթէ իրենց յաջորդ մրցակիցին յաղթեն: Այսօր առաւօտեան ժամերուն, Շիքակօ Պուլզ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Պարսելոնա Հասան Կիսաւարտական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Պարսելոնա Հասան Կիսաւարտական

Այս տարեշրջանի Եւրոպայի լաւագոյն խումբերէն Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն հասան «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական: Ինչպէս միշտ կը նշենք, ֆութպոլի մէջ տկար կամ զօրաւոր չկայ. եթէ երթի մրցումներէն իսկ Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն մեծ յաղթանակներ արձանագրած չըլլային, կրնային նեղ կացութեան մատնուիլ: Պարսելոնա երթին 4-0 յաղթելէ ետք Գերմանիոյ մէջ նեղ կացութեան մատնուեցաւ եւ Տորթմունտէն 3-1 արդիւնքով պարտութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը. Շաբաթ Օր` Պասքեթպոլի Ազգային Օր

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը. Շաբաթ Օր` Պասքեթպոլի Ազգային Օր

Երթի մրցումները աւարտելէ ետք առանց պարտութեան, Պէյրութ Ֆըրսթ դարձի առաջին մրցումին պարտութիւն կրեց Հուփսէն` 94-88 արդիւնքով, յետ երկարաձգման: Ախոյեանութեան բացման մրցումին Պէյրութ 2 կէտով (82-80) արդիւնքով յաղթած էր Հուփսին, որ փաստեց, թէ այս տարի տկար խումբ չկայ եւ որեւէ խումբ կրնայ յաղթել որեւէ մրցակիցի: Ալի Հայտար վիրաւոր ըլլալով մօտ 1 վայրկեան դաշտ ներկայացաւ, մինչ Պէյրութէն օտարներ Քենեթ Քաճի եւ Քուինսի...

Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Քիշինեւի մէջ (Մոլտովա) տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, ուր կը մասնակցին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ներկայացուցիչներ: Աղջկանց 55 քկ կշիռի մրցումներուն, աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան 19 տարեկան Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր Իզապելլա Եայլեան մրցահարթակ ներկայացան: Ալեքսանտրա Գրիգորեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 85 քկ եւ գրաւեց 6-րդ դիրքը: Իփոլէ-ժըթէի մրցումներուն Ալեքսանտրա Գրիգորեան 117 քկ բարձրացուց եւ շահեցաւ փոքր ոսկի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ… Հրաշք Մը Ե՞ւս

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ… Հրաշք Մը Ե՞ւս

Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը Եւրոպայի թիւ 1 ակումբն է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, ուր ան երթին նոյնիսկ եթէ ծանր պարտութիւն կրէր, կրնար վերադառնալ դարձի մրցումին, բախտով, պայքարով, կամ կարողութեամբ, երբեմն ալ` իրաւարարներու սխալներէն օգտուելով: Այսօր ան նոյն դիրքին վրայ է. եւ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ 3-0 արդիւնքով պարտուած, պիտի փորձէ վերադառնալով «Քամպեք Քինկ» տիտղոսին արժանանալ: 2016-ին Գերմանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով ծանր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր

Այսօր ժամը 21:00-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ազուրը, աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով: Երթին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 74-65 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ազուրի դաշտին վրայ, բայց այժմ ամէն ինչ փոխուած է, եւ ՀՄԸՄ ունի նոր մարզիչ եւ փոխած է Քենետի Էլընը Ճիլիըն Արչըրով, որ աւելի արդիւնաւէտ կը թուի ըլլալ: Պէտք...

Ճատրակ.  Լիլիթ Մկրտչեան` Եւրոպայի  Անհատական Ախոյեանութեան 11-րդ

Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտչեան` Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան 11-րդ

Քանի մը օր առաջ վերջ գտաւ Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, որուն աւարտին ոսկի մետալակիր դարձաւ սերպ վարպետ Թէոտորա Ինիաչ, որ կարելի 11 կէտերէն 9,5 կէտ հաւաքեց: Բ. դիրքը գրաւեց ռումանացի Իրենա Պուլմակա (8 կէտ), մինչ Էսթոնիոյ վարպետ Մայ Նարվա գրաւեց 3-րդ դիրքը (8 կէտ)` չնչին տարբերութեամբ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Մկրտչեան 7,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 11-րդ դիրքը: Էլինա...

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան 4-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան 4-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Պրաթիսլաւայի (Սլովաքիա) մէջ վերջ գտաւ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Յունահռոմէական ըմբշամարտի վերջին երկու օրերու մրցումներուն, Մալխաս Ամոյեան կրցաւ դառնալ 77 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան, աւարտականին յաղթելէ ետք Ռամազ Զոյծէին (Վրաստան): Փարիզի Ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան եւ 4-րդ անգամ Եւրոպայի ախոյեան դարձած Մալխաս Ամոյեան եղաւ միակ հայ ըմբիշը, որ ոսկի մետալ շահեցաւ 2025-ի այս ախոյեանութեան: Ան կիսաւարտականին պարտութեան մատնած էր Այգ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ 13 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ 13 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը եւ Բ. դիրքը գրաւող Արսենալի վրայ իր առաւելութիւնը հասցուց 13 կէտի, մանաւանդ որ Արսենալ օր մը առաջ իր դաշտին վրայ չէր կրցած յաղթել Պրենթֆորտի եւ հաւասարութիւն արձանագրած էր (1-1): Գերմանիոյ պարագային նոյն բանը չենք կրնար ըսել, որովհետեւ քանի մը ժամ առաջ Բ. դիրքը...

«էն. պի. էյ.»  օքլահոմա մրցանիշ մը իրագործեց աւարտելով բնական տարեշրջանը

«էն. պի. էյ.» օքլահոմա մրցանիշ մը իրագործեց աւարտելով բնական տարեշրջանը

Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութիւնը, ուր յստակացան բոլոր խումբերու վերջնական դասաւորումները փլէյ օֆի մրցումներէն առաջ: Անշուշտ փլէյ օֆէն առաջ տեղի պիտի ունենան փլէյ ինի մրցումները, ուր 9-րդ եւ 10-րդ խումբերը պիտի մրցին, եւ յաղթականը պիտի մրցի 7-րդ եւ 8-րդ հանդիպումին պարտուող խումբին դէմ` գրաւելու փլէյ օֆի 8-րդ եւ վերջին դիրքը: Օքլահոմա Սիթի Թանտր, որ 68-րդ...

Page 127 of 1275 1 … 126 127 128 … 1,275

Արխիւներ