Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Սուրայ Դէպի Ֆայնըլ 4

Ապրիլ 26, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը երեքշաբթի երեկոյեան 80-34 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը:

Առաջին մասին 28-5 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս կիսախաղ մտաւ 51-16 արդիւնքով եւ Գ. մասին 75-25 արդիւնքով աւարտելէ ետք իր պահեստի բոլոր մարզիկներուն ալ դաշտ ներկայացուց ձեւով մը մրցումի մթնոլորտին մէջ ըլլալու համար, մանաւանդ որ ֆայնըլ 4-ի մրցումները կը մօտենան, եւ հիմնական մարզիկները աւելի հանգիստի պէտք ունին դժուար մրցումներու նախօրեակին:

Ճիլիըն Արչըր, Ճաքայրա Էլըն եւ Փաթիլ Ասատուրեան նշանակեցին առաւելագոյն կէտերը, մինչ Կապրիելլա Սաատ եւ Փերլա Պու Նասր համեմատաբար աւելի քիչ գործ ունէին ընելիք: Պէտք է ըսել, որ խումբին առաւելագոյն վայրկեաններ կատարող «Կապի» Սաատ (24 վայրկեան) եւ 12-րդ մարզիկը` Անիելա Հաւանճեան (4 վայրկեան) իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցումին, այսպիսով բոլոր մարզիկներն ալ մասնակցութեան իրենց առիթը ունեցան:

Յոյսով, որ տղոց պարագային ալ պահեստի մարզիկներ դաշտ ներկայանան, յաւելեալ փորձառութիւն շահելու համար:

Էլըն (21 կէտ), Արչըր (15 կէտ), Փաթիլ (15 կէտ), Սթեֆանի Հատտատ (9 կէտ), Տանիելլա Ֆայյատ (6 կէտ), Կապի Սաատ (6 կէտ, Փերլա (6 կէտ) եւ Ալիք Թապաքեան (2 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը, Արչըր (8 ռիպաունտ) եւ Սթեֆանի Հատտատ (7 ռիպաունտ) առաւելագոյն ռիպաունտները ձեռք ձգեցին, մինչ Սաատ 6 էսիսթ կատարեց 7 սթիլներու կողքին:

Ռիատի 16-րդ հանգրուանին գծով 100-58 արդիւնքով յաղթած էր Չեմփսի, իսկ Ազուր` Էն. Էս. Էյ.-ի` 108-55 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցն է Ռիատին, որ 1 պարտութիւն կրած է:

Մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի օր ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:

 

Նախորդը

Սերժ Չոփուրեան Եւ Ղասսան Հաժժար Մասնակցեցան Աւազներու Մարաթոնին

Յաջորդը

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Նետերլանտեան Յանձնախումբին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Հարցը

RelatedPosts

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց
Մարզական

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Մայիս 17, 2025
Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով
Մարզական

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Մայիս 17, 2025
Պասքեթպոլ-Ուասլ.  Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ
Մարզական

Պասքեթպոլ-Ուասլ. Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?