Ճափոնի ակումբներէն Քաուազաքի Ֆրոնթալէ հասաւ Ասիոյ ֆութպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, դուրս ձգելէ ետք Քաթարի Սատտ խումբը 3-2 արդիւնքով: Ան այսօր պիտի մրցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր խումբին դէմ:
3 սէուտական խումբեր հասած են կիսաւարտական, ուր Ահլի եւ Հիլալ կը մրցին միւս կիսաւարտականին:
Հիլալ սէուտական ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Ահլի` 4-րդ: Քաուազաքիի մարզիչ Շիկեթողի Հասեպէ պիտի փորձէ փաստել, որ արեւելեան Ասիոյ ակումբները կրնան իրենցմէ «հարուստ» սէուտական խումբերուն դէմ մրցիլ եւ անոնց հետ չափուիլ: Ռոնալտօ 40 տարեկանին տակաւին որակաւոր ֆութպոլ կը ցուցաբերէ եւ կոլերու իր հաշիւը բարձրացուց 934-ի, երբ քառորդ աւարտականին դուրս ձգեց ճափոնական Եոքոհամա Մարինոսը 4-1 արդիւնքով: Ան այդ մրցումին կոլ մը նշանակեց Տիւրանի (2) եւ Մանէի կողքին:
Նասր Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց անպայման պիտի փորձէ տիտղոս մը շահիլ այս տարի, եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը յարմար տիտղոս մըն է: