Կիրակի օր Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանին Լիվըրփուլ 20-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Անգլիոյ, ախոյեան` հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցանիշին:
Իր վերջին մրցումին, Լիվըրփուլ 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոթենհամի դէմ, հակառակ անոր որ 12-րդ վայրկեանին Սոլանքէ ինք նշանակած էր Թոթենհամի միակ եւ մրցումի առաջին կոլը:
Լուիս Տիաս, Ալեքսիս Մաքալիսթըր, Քոտի Կաքփօ, Մոհամետ Սալահ եւ Տեսթընի Ուտոկի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին կարմիրներուն կոլերը:
Լիվըրփուլի համար յիշատակելի էր այս տարեշրջանը, ուր նոր մարզիչ Առնէ Սլոթի հետ ախոյեան դառնալը մեծ բան էր` Եուրկըն Քլոփի ժամանակաշրջանէն ետք:
Սլոթ տարեշրջանի սկիզբէն միշտ ալ կը յայտնէր, թէ այս խումբը կը պարտի Քլոփի, որ լաւ ձեւով պատրաստուած էր, եւ ան պարզապէս բախտաւոր կը զգայ պատրաստ խումբ մը առաջնորդելու դէպի ախոյեանութիւն:
Իրականութեան մէջ, Լիվըրփուլ առանձին յաջող տարեշրջան մը չունեցաւ, այլ բաւական օգտուեցաւ ալ իր մրցակիցներուն ձախողութիւններէն, ուր Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ ոչ շատ կայուն տարեշրջան մը ունեցան:
Ստորեւ` 34-րդ հանգրուանի արդիւնքները.
Լիվըրփուլ – Թոթենհամ 5-1
Պորնմաութ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1
Պրայթըն – Ուեսթ Համ 3-2
Նիւքեսըլ – Իփսուիչ 3-0
Սաութհեմփթըն – Ֆուլհամ 1-2
Վուլվզ – Լեսթըր Սիթի 3-0
Չելսի – Էվըրթըն 1-0
Արսենալ – Քրիսթըլ Փելես 2-2
Մանչեսթըր Սիթի – Ասթոն Վիլա 2-1


