Այսօր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին գծով Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը:
Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 6 անգամ հիւրընկալած է Ինթերը, 5 անգամ յաղթած եւ միայն 2022-2023 տարեշրջանին (3-3) հաւասարութիւն արձանագրած է, միշտ ալ դրական արդիւնք արձանագրելով:
Պարսելոնա այժմ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` շահելէ ետք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակը, յաղթելով Ռէալ Մատրիտին 3-2 արդիւնքով, եւ օր մը աւելի հանգիստ ընելով Ինթերէն որ իր յաջորդական 3-րդ մրցումը պարտուեցաւ ախոյեանութեան Պոլոնիայի (0-1) եւ Ա. Էս. Ռոմայի (0-1) պարտութիւններուն միջեւ` բաժակէն ալ դուրս մնալով Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումին (0-3):
Ինթեր միայն 1 առիթով կրցած է դուրս ձգել Պարսելոնան, այդ ալ 2009-2010 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին, ուր Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք 3-1 արդիւնքով պարտուած էր Իտալիոյ մէջ, Ժոսէ Մուրինիոյի օրերուն:
Ինթեր, որ երեք ճակատի վրայ կը պայքարէր, ինչպէս նշեցինք, դուրս մնաց բաժակի մրցաշարքէն, «Սերի Ա.»-ի ալ գագաթի դիրքը կորսնցուց ի նպաստ Նափոլիի, եւ այժմ միայն «Չեմփիընզ լիկ»-ը ունի տարեշրջանը «փրկելու»:
Ռաֆինիա, որ Պարսելոնայի վերջին երկու մրցումներուն ալ բացման կոլերը նշանակած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով, 7 կոլեր ունի, մինչ Պենճամեն Փաւար, որ Ինթեր Միլանի առաջին կոլը նշանակած էր Պայերն Միւնիխի դէմ:
Պարսելոնայի դէմ 4 մրցում կատարած է (Պայերնի հետ)` միշտ ալ յաղթելով, բան մը, որ բախտի դեր կրնայ ըլլալ Պարսելոնայի դէմ:
Ինթեր այս տարի 8 մրցումներ կատարեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ` առանց կոլ իսկ ստանալու: