Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նիւ Քեսըլէն 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք, Իփսուիչ վերադարձաւ Բ. դասակարգ («Չեմփիընշիփ»)` մէկ տարեշրջան բարձրանալէ ետք «Փրեմիեր լիկ»:
Անցեալ շաբաթ Լեսթըր Սիթի իր կարգին… ապահոված էր իր տոմսը, մինչ Սաութհեմփթըն մօտ 20 օր առաջ արդէն իսկ յոյս չունէր փրկուելու, եւ երեք խումբերն ալ 1 տարեշրջան միայն կրցան մնալ «Փրեմիեր լիկ»:
Սաութհեմփթըն մրցանիշ արձանագրած էր… ամէնէն կանուխ տոմս ապահովելու գծով աւարտէն 7 մրցումներ առաջ:


