Պայերն Միւնիխ այս շաբաթ օր կրնայ Գերմանիոյ ախոյեան դառնալ` շահելով «Պունտըսլիկա»-ի իր 34-րդ տիտղոսը, եթէ անշուշտ Լայփցիկի դէմ դրական արդիւնք արձանագրէ:
Շաբաթավերջին Պայերն 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայնցը` շնորհիւ Լիրոյ Սանէի, Մայքըլ Օլիսէի եւ Էրիք Տայըրի կոլերուն:
Սանէ 2 անգամ գնդակը դպցուց Մայնցի բերդի սիւնին:
Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 2 յաջորդական հաւասարութիւններէ ետք կրցաւ յաղթել Աուկզպուրկի Պայերնի տիտղոսը յետաձգելով առնուազն շաբաթով մը:
«Պունտըսլիկա» 1-էն 2 իջնելու համար կը պայքարին Զանքթ Փաուլի, Հոֆենհայմ, Հայտընհայմ, Հոլշթայն Քիլ եւ Պոխում:


