Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փաստեց, Թէ Տկար Չէ
Շաբաթ գիշեր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը այս տարեշրջանի իր ամէնէն հետաքրքրական մրցումներէն մէկուն ընթացքին հիւրընկալեց 2022-ի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը եւ աներեւակայելի մթնոլորտի մէջ 82-80 արդիւնքով դժուար պարտութիւն մը կրեց: Եթէ Ճորտըն Սթիվընզի պազըրի 3 կէտնոց փորձը մտնէր, արդիւնքը հակառակը կ՛ըլլար: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայէր Կերի Չիւիչեան (յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով), կը խաղար նաեւ առանց 3...




















