Ֆրանսայի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանին, արդէն իսկ ախոյեանութեան տիտղոսը շահած Փարիզ Սեն Ժերմեն այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց, այդ ալ իր «Փարք տը Փրենս» դաշտին վրայ, Նիսի դէմ մրցումին:
Նիս, որ կը պայքարի եւրոպական բաժակներէն մէկուն մասնակցելու դիրք գրաւելու համար, իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Մորկըն Սանսոնի (2) եւ Եուսուֆ Էնտայիշիմիէի, մինչ Ֆապիան Ռուիս նշանակած էր Փարիզի միակ կոլը:
Մոնփելիէ արդէն իսկ Բ. դասակարգ իջնող առաջին խումբն էր, իսկ Ռենս, Նանթ, Անժէ, Լը Հաւր եւ Սենթ Էթիեն կը պայքարին մնալու առաջին դասակարգ:


