Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի 3-րդ «Քլասիքօ»-ն, ուր Քոփա Տել Ռէյի աւարտականին Պարսելոնա կրցաւ երկարաձգման ընթացքին 3-2 արդիւնքով յաղթել Ռէալ Մատրիտին:
3 յաջորդական յաղթանակներով Պարսելոնա վերջին անգամ 2 տարի առաջ յաղթած էր Մատրիտին 3 անգամ եւ 32-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Սպանիոյ բաժակակիր (մրցանիշ):
Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա գրեթէ ամբողջութեամբ տիրապետեց եւ կոլերու առիթներ ստեղծեց Ռէալի բերդին առջեւ, եւ օրուան հերոսը` Ժիւլ Քունտէ լաւ կազմակերպուած յարձակումէ մը ետք փոխանցեց Լամին Եամալի, որ աջ կողմէն փոխանցեց դէպի բերդ սուրացող Փետրիի որուն անզսպելի հարուածով գրաւեց Ռէալի բերդը:
Կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացած Պարսելոնա Բ. կիսախաղին չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ Ռէալ, որուն կազմէն դաշտ ներկայացան Քիլիան Էմպափէ (կիսախաղին) եւ աւելի ուշ Լուքա Մոտրիչ եւ Արտա Կիւլեր, մրցումին ղեկը առաւ եւ երկու յաջորդական կոլեր նշանակեց Էմպափէի (ազատ հարուածով) եւ Չուամենիի միջոցով:
84-րդ վայրկեանին Ֆեռան Թորես Լամին Եամալի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը` խաղի բերելէ ետք բերդապահ Քուրթուան:
Կորսուած վայրկեաններուն Պարսելոնա շահեցաւ փենալթի մը, որ սակայն ՎԱՐ-ի միջոցով ջնջուեցաւ:
Երկարաձգումին Պարսելոնա շատ աւելի լաւ էր եւ կրցաւ կոլ նշանակել Ժիւլ Քունտէի միջոցով: Մրցումը վերջ գտաւ 3-2 արդիւնքով, որմէ ետք 3 կարմիր քարտեր ստացան Ռուտիկըր, Լուքաս Վասքիս եւ Ճուտ Պելինկհամ` ոչ մարզավայել կեցուածքի պատճառով, մինչ Պարսելոնա կը տօնէր իր յաղթանակը:


