Օքլահոմա Սիթի Թանտըր շաբաթավերջին դարձաւ առաջին խումբը, որ կը հասնի «Էն. Պի. Էյ.»-ի քառորդ աւարտական (Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական)` իր 4-րդ մրցումը յաղթելէ ետք Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ:
Մեմֆիս, որ կը խաղար առանց իր վիրաւոր աստղ Ճա Մըրենթի, շատ դժուար մրցակից էր Թանտըրի համար, որ 2 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակ արձանագրեց:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, մինչ Սքոթի Փեփընի զաւակը` Սքոթի Ճունիըր 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Մեմֆիսի հաշուոյն:
Օքլահոմա բաւական հանգիստի ժամանակ ունի, մանաւանդ որ կը սպասէ Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ մրցումի յաղթականին:
Իր վերջին մրցումին, 2023-ի ախոյեան Տենվըր երէկ 101-99 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Լոս Անճելըս Քլիփըրզը:
Նիքոլա Եոքիչ 36 կէտ եւ 21 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի, մինչ Քուայ Լենըրտ 24 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երէկ 104-93 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցի` այս վերջինին դաշտին վրայ, ուր Սթեֆ Քըրրի 36 կէտ նշանակեց 9 էսիսթներու կողքին:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Մայեմի Հիթի վրայ` 124-87 արդիւնքով, ուր մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Ճերըթ Էլըն (22 կէտ), Տէանտրէ Հանթըր (21 կէտ), Էվըն Մոպլի (19 կէտ), Մաքս Սթրաս (18 կէտ), Տոնվաըն Միչել (13 կէտ) եւ Թայ Ճերոմ (13 կէտ) եղան Քլիվլենտի հերոսները: Յաղթանակ մը եւս եւ Քլիվլենտ Օքլահոմայի նման պիտի սպասէ Ինտիանա-Միլուոքի (2-1) մրցումին վերջնական յաղթականին:


