Մարզական

Իր Կազմին Միացնելու Համար Մխիթարեանը` Լիվըրփուլ Սկսաւ Իր Բանակցութիւններուն

Անգլիական «Մեթրօ» կայքին համաձայն, Լիվըրփուլ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` իր կազմին միացնելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Լիվըրփուլի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզի համաձայն, Մխիթարեան միակն է, որ պիտի ըլլայ Սթիւըն Ժերարի ձգած բացը գոցողը: Վերջինս այս ամառ պիտի հեռանայ Լիվըրփուլէն: Նշենք, որ նախապէս, 2013-ի ամրան, շատ մօտ էր Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելը, երբ...

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարէ Լաթվիոյ Դէմ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 5 փետրուարին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2017-ի ախոյեանութեան 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ Հայաստան մաս կազմեց Ե. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Դանիան, Ռումանիան, Կալեսը, Պուլկարիան եւ Լիւքսամպուրկը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքին համաձայն, հայրենի կազմը, պատրաստուելու համար զտումի մրցաշարքին, 25 մարտ 2015-ին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Լաթվիոյ...

Արթուր Եդիգարեան Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Պիելոռուսիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան ներկայիս կը գտնուի թրքական Անթալիա քաղաքը, կը յայտնէ ArmSport.am` աւելցնելով, որ շատ հաւանական է, որ ան միանայ Տինամօ Մինսքի (Պիելոռուսիա): Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Պիելոռուսիոյ գործող ախոյեանը` Տինամոն եւս պիտի հասնի Անթալիա, եւ կը կարծուի, որ երկու կողմերը հոն պիտի յանգին վերջնական համաձայնութեան մը: Նշենք, որ նախորդ տարի Եդիգարեան հանդէս կու գար...

Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչներուն Տասնեակը

Coachworldranking.com կայքը ներկայացուց աշխարհի լաւագոյն մարզիչներուն նոր դասաւորումը: ArmSport.am յայտարարեց, որ առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Տիեկօ Սիմէոնէ (Աթլեթիքօ Մատրիտ), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Եոսիփ Կուարտիոլա (Պայէրն Միւնիխ): Ստորեւ` առաջին տասնեակին դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Քարլօ Անչելոթթի (Ռէալ Մատրիտ) 17,732 2.- Տիեկօ Սիմէոնէ (Աթլեթիքօ Մատրիտ) 14,055 3.- Եոսիփ Կուարտիոլա...

Քոնթէ Պիտի Չլքէ Իտալիան

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ այն մտավախութիւնը կար, որ ան կը պատրաստուի հեռանալու Իտալիայէն, այս ամիս տեղի ունեցած վիճաբանութեան մը պատճառով, երբ իրեն մերժած էին ազգային խումբին հետ հաւաքի կայացումը: Քոնթէ, որ 2014-ի ամրան նշանակուեցաւ Իտալիոյ մարզիչ, ըսաւ, որ ինքզինք միշտ ուրախ կը զգայ, երբ կը կատարէ իր պաշտօնը Իտալիոյ...

Ռոյս Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Տորթմունտի Հետ

Պորուսիա Տորթմունտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին յառաջապահներէն Մարքօ Ռոյս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2019: Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին միջազգային մարզական մամուլը ընդհանրապէս կը խօսէր Ռոյսի` այլ կազմի մը փոխանցուելուն մասին` նշելով, որ կարգ մը անուանի ակումբներ, որոնց կարգին` Պայէրն Միւնիխ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, կ՛ուզեն իրենց կազմին մէջ տեսնել Ռոյսը: Այս ուղղութեամբ Ռոյս ոչ մէկ յայտարարութիւն կը կատարէր...

«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ-Սթար». Արեւմուտքը Ունի Նոր Կորուստ Մը

Պլէյք Կրիֆին 16 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն շատ սպասուած` «Օլ Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան լաւագոյն մարզիկները, երբ Արեւելեան շրջանը ճակատի Արեւմտեանին դէմ: Արեւմուտքը երէկ ունեցաւ նոր կորուստ մը, երբ յայտարարուեցաւ, որ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մաս կազմող Պլէյք Կրիֆին պիտի բացակայի «Օլ Սթար»-ի մրցումէն: 25 տարեկան Կրիֆին, որ քանի մը օր առաջ ենթարկուեցաւ արմուկի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները: Վաւերացուած արդիւնքներն են. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Ահտ - Շապապ Ղազիէ 5-1 Անսար - Սալամ Զղարթա 2-1 Շապապ Սահել - Նըժմէ 3-1 Սաֆա - Թատամոն Սուր 2-2 Ախա Ահլի Ալէյ - Թրիփոլի 1-1 Նեպի Շիթ - Ռասինկ 1-1 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Շեպիպեթ Մազրաա - Խըյուլ...

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Իրան

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Թեհրան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 10-15 փետրուարին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Փաթրիք Պալաա (պատասխանատու), Աւետիս Սերոբեան, Աւօ Մանճեան (Թաու լու), Պահզաթ Քարամ, Քրիսթիան Հաժ եւ...

Ճատրակ. 2015-ի Ուսանողական Մրցաշարք. Սամուէլ Տէր Սահակեան Տիտղոսակիր` Մոսկուայի Մէջ

Մոսկուայի մէջ աւարտած «Մոսկուա Օփըն-2015»-ի ճատրակի ուսանողական մրցաշարքին, գերազանց արդիւնքի հասած է վանաձորցի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am կը հաղորդէ, որ Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով ճանչցուած է մրցաշարքի տիտղոսակիր:  

Պեռնար Շալանտ Եւս Մեկնեցաւ Անթալիա

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ եւս մեկնեցաւ Անթալիա (Թուրքիա): Զուիցերիացի մասնագէտը պիտի հետեւի բարձրագոյն խումբերուն մաս կազմող հաւաքականի թեկնածու ֆութպոլիստներուն, ինչպէս նաեւ հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներուն ելոյթներուն: Նշենք, որ ներկայիս Անթալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Ուլիս, Շիրակ եւ Ալաշկերտ: Քանի մը օր ետք Անթալիա կը մեկնին նաեւ Փիւնիկ եւ...

Քրիստինէ Մանկասարեան Պիտի Մեկնի Ղազախստան

Քրիստինէ Մանկասարեան Պիտի Մեկնի Ղազախստան

Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Քրիստինէ Մանկասարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ղազախստանի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Քոքշէ ակումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայաստանի լաւագոյն աղջիկ ֆութպոլիստներէն մէկը նկատուող Մանկասարեանի վերջին ակումբը եղած է ուքրանական Եաթրան Պազիսը: Աւելի առաջ ան ելոյթ ունեցած է Երեւան - Լ. Հ. խումբին հետ, որուն հետ ճանչցուած է 2013-2014 տարեշրջանի Հայաստանի աղջկանց...

3 Եւ 5 Ապրիլին. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն, 2015-ին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ: 3 եւ 5 ապրիլին Հայաստանի կազմը Երեւանի մէջ պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ իր հասակակից հաւաքականին դէմ:  

3×3 Պասքեթպոլ. Աւարտական Հանգրուանը` Պիելոռուսիոյ Մէջ

Եւրոպայի 3x3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիելոռուսիոյ մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am` աւելցնելով, որ 16 հաւաքականներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի բոլոր մրցումները պիտի կատարուին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ: Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցելու առաջարկ ներկայացուցած են 30 երկիրներ, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան: Յուլիսին եւ օգոստոսին տեղի պիտի ունենան զտումի մրցումները, իսկ 21-23 օգոստոսին` աւարտական հանգրուանը:

Մայորքա Պաշտօնանկ Ըրաւ Վալերի Քարփինը

պարտակ Մոսկուայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վալերի Քարփին, որ սպանական Մայորքա ֆութպոլի ակումբին մարզիչն էր 2014-էն ի վեր, պաշտօնանկ եղաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: Բ. դասակարգին մաս կազմող Մայորքա 24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Անիկա վերջին երեք մրցումներուն պարտութիւն կրելով այժմ կը գտնուի վտանգաւոր գօտիին վրայ` 3 կէտով միայն հեռու մնալով վերջին դիրքէն:

Պարսելոնա-2-ի Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ

Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքին համաձայն, Պարսելոնա-2-ի գլխաւոր մարզիչ Եուսեփիօ Սաքրիսթա, պաշտօնանկ եղաւ եւ փոխարինուեցաւ Ֆրանսեսք Կարսիա Փիմենթայով: Ներկայիս «Սեքունտա»-ի ախոյեանութեան Պարսելոնա-2 խումբը բաւական ձախող արդիւնքներ կ՛արձանագրէ եւ այժմու դրութեամբ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի` 2-1 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 8 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Իսլահ Պըրժ Շիմալին: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով. ան 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Մրցումին 9-րդ վայրկեանին հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան քանի մը մարզիկ խաղի բերելէ ետք օդէն սքանչելի փոխանցում մը կատարեց Սերժ Չաքրեանին,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Կրեց Դարձի Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Դարձի Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

ՀՄԸՄ - Շանվիլ մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 7 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը: ՀՄԸՄ նախ պէտք էր յաղթէր իր մրցակիցին` երթին իր կրած պարտութեան վրէժը լուծելու համար, իսկ երկրորդ, որպէսզի դասաւորման մէջ վերելք արձանագրէր: Սակայն դժբախտաբար այդ յաղթանակը...

Կռփամարտ. Վիք Դարչինեան Նաք-Աութի Ենթարկեց Խուան Խիմենեսին

Երէկ` կիրակի, 8 փետրուարին, թեթեւագոյն կարգի (մինչեւ 52,2 քկ) աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան 10 ռաունտնոց մենամարտ մը կատարեց մեքսիքացի կռփամարտիկ Խուան Խիմենեսի դէմ: Այս ճակատումը տեղի ունեցաւ Մեքսիքայի մէջ եւ աւարտեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչին յաղթանակով, երբ ան 9-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցին: Այսպիսով, Դարչինեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր 48-րդ ճակատումը կատարելով արձանագրեց իր 40-րդ յաղթանակը:  

Ազատ Եւ Յունահռոմէական Ոճերու Դասաւորման Հայ Ըմբիշներուն Գրաւած Դիրքերը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց ըմբշամարտի միջազգային նոր դասաւորումը: Ազատ ոճի ըմբիշ, 2013 տարուան աշխարհի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան 65 քկ դասակարգին մէջ կը գրաւէ 18-րդ դիրքը. նախորդ ամսուան բաղդատած ան նահանջեց 6 դիրքով: Ազատ ոճի դասակարգին մէջ Գրիգոր Գրիգորեան (70 քկ) կը գրաւէ 13-րդ դիրքը: Արամ Ջուլֆալակեան հռոմէական ոճի 65 քկ դասակարգին մէջ 3 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը:...

Page 1259 of 1274 1 … 1,258 1,259 1,260 … 1,274

Արխիւներ