Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Քրիստինէ Մանկասարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ղազախստանի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Քոքշէ ակումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայաստանի լաւագոյն աղջիկ ֆութպոլիստներէն մէկը նկատուող Մանկասարեանի վերջին ակումբը եղած է ուքրանական Եաթրան Պազիսը:
Աւելի առաջ ան ելոյթ ունեցած է Երեւան – Լ. Հ. խումբին հետ, որուն հետ ճանչցուած է 2013-2014 տարեշրջանի Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի գարնանային մրցաշարքի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Կը կարծուի, որ ան մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր նոր ակումբին հետ: