Եւրոպայի 3×3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիելոռուսիոյ մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am` աւելցնելով, որ 16 հաւաքականներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի բոլոր մրցումները պիտի կատարուին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ:
Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցելու առաջարկ ներկայացուցած են 30 երկիրներ, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան:
Յուլիսին եւ օգոստոսին տեղի պիտի ունենան զտումի մրցումները, իսկ 21-23 օգոստոսին` աւարտական հանգրուանը: