Անգլիական «Մեթրօ» կայքին համաձայն, Լիվըրփուլ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` իր կազմին միացնելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Լիվըրփուլի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզի համաձայն, Մխիթարեան միակն է, որ պիտի ըլլայ Սթիւըն Ժերարի ձգած բացը գոցողը: Վերջինս այս ամառ պիտի հեռանայ Լիվըրփուլէն:
Նշենք, որ նախապէս, 2013-ի ամրան, շատ մօտ էր Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելը, երբ 26 տարեկան ֆութպոլիստը Շախտիոր Տոնեցքէն տեղափոխուեցաւ Տորթմունտ:


