Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 5 փետրուարին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2017-ի ախոյեանութեան 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ Հայաստան մաս կազմեց Ե. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Դանիան, Ռումանիան, Կալեսը, Պուլկարիան եւ Լիւքսամպուրկը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքին համաձայն, հայրենի կազմը, պատրաստուելու համար զտումի մրցաշարքին, 25 մարտ 2015-ին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Լաթվիոյ 21 տարեկանէն վար հաւաքականը: