
16 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն շատ սպասուած` «Օլ Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան լաւագոյն մարզիկները, երբ Արեւելեան շրջանը ճակատի Արեւմտեանին դէմ:
Արեւմուտքը երէկ ունեցաւ նոր կորուստ մը, երբ յայտարարուեցաւ, որ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մաս կազմող Պլէյք Կրիֆին պիտի բացակայի «Օլ Սթար»-ի մրցումէն: 25 տարեկան Կրիֆին, որ քանի մը օր առաջ ենթարկուեցաւ արմուկի վիրաբուժութեան, 3 շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»:
Նշենք, որ աւելի կանուխ յայտարարած էր նաեւ, որ «Օլ-Սթար»-ի մրցումէն պիտի բացակայի Քոպի Պրայընթ: