ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ եւս մեկնեցաւ Անթալիա (Թուրքիա):
Զուիցերիացի մասնագէտը պիտի հետեւի բարձրագոյն խումբերուն մաս կազմող հաւաքականի թեկնածու ֆութպոլիստներուն, ինչպէս նաեւ հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներուն ելոյթներուն:
Նշենք, որ ներկայիս Անթալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Ուլիս, Շիրակ եւ Ալաշկերտ: Քանի մը օր ետք Անթալիա կը մեկնին նաեւ Փիւնիկ եւ Բանանց:
Իրենց ակումբներուն հետ Անթալիոյ մէջ հաւաք կը կատարեն նաեւ Եուրա Մովսիսեան (Սպարտակ Մոսկուա), Տենիս Թումաեան եւ Դաւիթ Եուրչենքօ (Ուֆա):