Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան ներկայիս կը գտնուի թրքական Անթալիա քաղաքը, կը յայտնէ ArmSport.am` աւելցնելով, որ շատ հաւանական է, որ ան միանայ Տինամօ Մինսքի (Պիելոռուսիա):
Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Պիելոռուսիոյ գործող ախոյեանը` Տինամոն եւս պիտի հասնի Անթալիա, եւ կը կարծուի, որ երկու կողմերը հոն պիտի յանգին վերջնական համաձայնութեան մը:
Նշենք, որ նախորդ տարի Եդիգարեան հանդէս կու գար ղազախական Քայրաթի հետ: Ան ներկայիս ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ ունի: