
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 7 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը:
ՀՄԸՄ նախ պէտք էր յաղթէր իր մրցակիցին` երթին իր կրած պարտութեան վրէժը լուծելու համար, իսկ երկրորդ, որպէսզի դասաւորման մէջ վերելք արձանագրէր:
Սակայն դժբախտաբար այդ յաղթանակը տեղի չունեցաւ եւ ՀՄԸՄ կրեց դարձի իր 3-րդ յաջորդական պարտութիւնը` 88-74 արդիւնքով (19-22, 37-47, 60-66 եւ 74-88):
Թէեւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ եւ տպաւորիչ խաղարկութեամբ սկսան այս մրցումը, սակայն հետզհետէ կէտերու տարբերութիւնը սկսաւ բարձրանալ ի նպաստ հիւր կազմին:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցումը դարձեալ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն` շաբաթ, 14 փետրուարին` Ռիատիի դէմ:
Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները հետեւեալ կազմով դաշտ ներկայացան (փակագիծերուն մէջ` անոնց նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը).

PROFOTO
Մարիօ Ապպուտ (12′ 15″, 4 ռիպաունտ), Ռաշատ Մաքքանթիս (38′ 21″, 34 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (36′ 49″, 8 կէտ, 5 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (31′ 11, 14 կէտ, 15 ռիպաունտ), Ճօ Վոկըլ (36′ 33, 4 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (10′ 37″) եւ Ճիմի Սալեմ (34′ 11″, 14 կէտ եւ 4 ռիպաունտ):
Իսկ Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտ նշանակեցին Քեւին Փինքնի (30′ 00″, 19 կէտ, 6 ռիպաունտ), Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի (40′ 00, 18 կէտ, 19 ռիպաունտ) եւ Քարլ Սարգիս (39′ 03″, 17 կէտ, 8 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Ռապահ Նժէյմ եւ Փոլ Սքայեմ:
Նշենք, որ 10-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – Թատամոն մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 98-79 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (27) նշանակեց Ռէյշուըն Թերի (Թատամոն):