Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Թեհրան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 10-15 փետրուարին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Փաթրիք Պալաա (պատասխանատու), Աւետիս Սերոբեան, Աւօ Մանճեան (Թաու լու), Պահզաթ Քարամ, Քրիսթիան Հաժ եւ Ֆրանսուա Ռասի (Սանտա):