Երէկ` կիրակի, 8 փետրուարին, թեթեւագոյն կարգի (մինչեւ 52,2 քկ) աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան 10 ռաունտնոց մենամարտ մը կատարեց մեքսիքացի կռփամարտիկ Խուան Խիմենեսի դէմ:
Այս ճակատումը տեղի ունեցաւ Մեքսիքայի մէջ եւ աւարտեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչին յաղթանակով, երբ ան 9-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցին:
Այսպիսով, Դարչինեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր 48-րդ ճակատումը կատարելով արձանագրեց իր 40-րդ յաղթանակը: