Մարզական

Փինկ Փոնկ. 2015-ը Սկսաւ Կրտսերներու Գարնանային Մրցաշարքով

Լիբանանի փինկ փոնկի 2015 տարին սկսաւ կրտսերներու (15 տարեկանէն վար) գարնանային մրցաշարքով, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Հասան Շըպիպ (Պարաղեմ Նապաթիէ), որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր խմբակիցին` Ղալեպ Ֆահըսի: Իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Լեթիսիա Ազար (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա), որ բաւական հետաքրքրական եւ քիչ մըն ալ դժուար մրցումէ մը ետք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շանվիլ` 41-34

Լիբանանի պասքեթպոլի 2001-2002-ի ծնունդ աղջկանց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կատարեց իր առաջին մրցումը եւ արձանագրեց 41-34 արդիւնքով յաղթանակ մը` Շանվիլի դէմ: Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կը յառաջանային 19-11 արդիւնքով: Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Վարդուկ Մարգարեան, որ յաջողած է յառաջացնել բաւական զօրաւոր խումբ մը: Կիրակի, 22 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.  Պայէրն Միւնիխ 8-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Համպուրկը. Ռէալ Մատրիտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պայէրն Միւնիխ 8-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Համպուրկը. Ռէալ Մատրիտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Պայէրն Միւնիխ - Համպուրկ մրցումէն Նէյմար Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Պայէրն Միւնիխ մեծ արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 8-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Համպուրկը: Թոմաս Միւլըր, Արժեն Ռոպեն եւ Մարիօ Կէօթցէ նշանակեցին երկուքական կոլ: Պորուսիա Տորթմունտ 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մայնց-05-ի, ժամանակաւորապէս հեռացաւ վտանգաւոր գօտիէն եւ բարձրացաւ 14-րդ դիրք: Ռէալ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր...

Խոաքին Պօղոսեան Վերադարձաւ Իր Հարազատ Ակումբին

Իր լուրը քաղելով subrayado.com.uy կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ հայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ուրուկուէյական Սերօ խումբին հետ: 27 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբն էր Տեֆենսոր Սփորթինկը: Պօղոսեան, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ նոյնինքն Սերոյի հետ, իր հարազատ ակումբը կը վերադառնայ երկրորդ անգամ ըլլալով: Իր այս խումբին հետ Պօղոսեան դաշտ ներկայացած է 49 անգամ` նշանակելով...

Գեւգէօզեան Կերտեց Ալիանսայի Յաղթանակը

«Քոփա Ինքա»-ի մրցումին 2-րդ հանգրուանին իր կատարած ճակատումին, Ալիանսա (Փերու) իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Սփորթ Լորեթոն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան: ArmSport.am լուրը եզրափակեց նշելով, որ 2-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Ալիանսա ունի 3 կէտ եւ 5 խումբերու պայքարին մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Ռիատի Մրցումը` Ժամը 15:00-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Սկզբունքով այս մրցումը պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ փոխան ժամը 17:00-ի անիկա պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, որպէսզի կարելի ըլլայ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարել`...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորում. Հայաստան 5 Դիրքով Բարձրացաւ

Նախանցեալ օր ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր` փետրուարի ընդհանուր դասաւորումը. Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 5 դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 74-րդ դիրքը: Եւրոպայի 2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Փորթուգալ` 7-րդ, Դանիա` 28-րդ, Սերպիա` 39-րդ, իսկ Ալպանիա` 63-րդ: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Պեռնար Շալանտ (Զուիցերիա):    

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Պարուք

Լեռնալիբանանի նահանգի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան շարք մը մրցումներ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 15 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ կը մրցի Սաֆա Պարուքի դէմ:    

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին` Թեթեւ Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ընդհանրապէս պիտի կատարուին թեթեւ ճակատումներ, թէեւ անակնկալներ միշտ ալ կրնան արձանագրուիլ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ՔԱԼՉԻՕ. 23-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Սասուոլօ (12) - Ֆիորենթինա (4) 19:00 Փալերմօ (9) - Նափոլի (3) 21:45 ՎԱՂԸ Ա. Սէ. Միլան (11) - Էմփոլի (15) 13:30 Աթալանթա (16)...

Ճատրակ. Ազրպէյճանի Փոխարէն Ծաղկաձոր Պիտի Գայ Իսրայէլ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 18-29 ապրիլին Հայաստան Ծաղկաձորի մէջ պիտի հիւրընկալէ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը: Ազրպէյճանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած էր, որ իր երկրին հաւաքականը իր մասնակցութիւնը չ՛ուզեր բերել այս ախոյեանութեան, հետեւաբար կը քաշուի անոր մասնակցելէ: Այժմ յստակացաւ, որ Ազրպէյճանի փոխարէն Ծաղկաձոր եկողը պիտի ըլլայ Իսրայէլ: Այսպիսով, այս ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը պիտի ըլլան Հայաստան, Ռուսիա Չինաստան, Հունգարիա, Հնդկաստան,...

Դաւիթ Ղազարեան Ռուսիոյ Ֆութպոլի Պատանեկան Հաւաքականին Հետ Մեկնեցաւ Պաքու

Ռուսիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականը (17 տարեկանէն վար), գլխաւոր մարզիչ Միհայիլ Քալաքթիանովի գլխաւորութեամբ, մեկնեցաւ Պաքու` 14-21 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Այդ 20 ֆութպոլիստներուն կարգին է նաեւ Հոֆընհայմի հետ հանդէս եկող հայ ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղազարեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը նշեց, որ Պաքուի մէջ խումբը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` Ազրպէյճանի իր հասակակիցներուն դէմ:

Պասքեթպոլ. Ճերի Թարխանեան Մահացաւ

Իր 84 տարեկան հասակին մահացաւ պասքեթպոլի անուանի մարզիչ Ճերի Թարխանեան, կը հաղորդէ ArmSport.am: Ան կը հանդիսանար ամերիկեան համալսարաններու ամէնէն շատ յաջողութիւն գտած մարզիչներէն մէկը, յատկապէս Նեւատայի համալսարանին հետ իր ունեցած յաջողութիւններով: 1973-էն 1992 ան այդ համալսարանին մէջ եղած է մարզիչ: Ան մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տօնած է 706 յաղթանակ եւ կրած 198 պարտութիւն: Նշենք, որ ան մարզիչի իր ասպարէզը...

Վահագն Միլիտոսեան` Հեթրիքի Հեղինակ

Ֆրանսական Կրենոպլը ֆութպոլի խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Բ. խմբակի մրցումներուն, ֆութպոլի բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Էպանսի, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայ ֆութպոլիստ Վահագն Միլիտոսեան, որ կը նկատուի վտանգաւոր յառաջապահ մը, Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայանալով հեթրիք մը իրագործեց:

Սերճիօ Մարգարեան Նշանակուեցաւ Յունաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Ուրուկուէյահայ Սերճիօ Մարգարեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը: 70 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը փոխարինեց Քլաուտիօ Ռանիերիին, որ նախորդ նոյեմբերին պաշտօնանկ եղաւ` Յունաստանի արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Նշենք, որ Մարգարեան եղած է ֆութպոլի շարք մը ակումբներու մարզիչ, ինչպէս նաեւ մարզած է Փերուի եւ Փարակուէյի ֆութպոլի ազգային խումբերը:

Ըստ «Պիլտ»-ի. Մխիթարեան Հաւանաբար Տեղափոխուի Եուվենթուս` Փոխան 30 Միլիոն Եւրոյի

Գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր կազմը լքելով շատ հաւանաբար տեղափոխուի Եուվենթուս: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, իր կազմին միացնելու համար 26 տարեկան ֆութպոլիստը, Եուվենթուս գերմանական ակումբին պիտի վճարէ 30 միլիոն եւրօ: Ինչպէս ծանօթ է, 2013-ին հայ ֆութպոլիստը փոխան 27,5 միլիոն եւրոյի, Շախտիոր Տոնեցքէն տեղափոխուած էր Տորթմունտ: Սակայն վերջերս իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան...

Տեշան Ֆրանսայի Ֆութպոլի Մարզիչ Պիտի Մնայ Մինչեւ 2018

Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Տիտիէ Տեշան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ պիտի մնայ մինչեւ 2018, այսինքն` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալէն անմիջապէս ետք անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի: Ան մարզիչ նշանակուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի 2012-ի ախոյեանութենէն անմիջապէս ետք:  

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Դարձի Մրցումները Կը Սկսին Երեքշաբթի, 17 Փետրուարին

Երեքշաբթի, 17 փետրուարին, կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները: Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան երկու խմբակով: Ստորեւ կը ներկայացնենք դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԽՄԲԱԿ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Լիբանանեան բանակ - Ֆէյթրուն 19:30 Էմիլ Լահուտ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ Անդրանիկ Պէյրութ - Անուար 18:30 Տեմիրճեան ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ Ումմալ Պիքֆայա - Այնթուրա 21:00 Շանվիլ...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Ջուլֆալակեան Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան արդէն իսկ որոշած է այն կազմը, որ պիտի մասնակցի 19-20 փետրուարին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Այս մրցաշարքին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ ըմբիշները. Արթուր Մկրտչեան (59 քկ), Գոռ Սիրեկանեան (66 քկ), Ռաֆայէլ Ալեքսանեան...

Կռփամարտ. Աբրահամ. «Կը Խոստանամ, Որ Սմիթ Չդիմանայ Մինչեւ 12-րդ Ռաունտ»

Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին դասակարգի WBO-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, անդրադառնալով 21 փետրուարին անգլիացի Փոլ Սմիթի դէմ իր կատարելիք մենամարտին, ըսաւ. «Ես կ՛ուզեմ ցոյց տալ բոլորին, թէ ո՛վ է ախոյեանը: Փոլ Սմիթ լաւ ելոյթ ունեցաւ առաջին մենամարտին, սակայն ես կը գերազանցէի զինք: Ես չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ անգլիական լրատուամիջոցները կը խօսին իրաւարարներու սխալին մասին: Իրաւարարներուն կողմէ պատասխանատուութիւնը վերցնելու միակ...

Page 1258 of 1274 1 … 1,257 1,258 1,259 … 1,274

Արխիւներ