Մոսկուայի մէջ աւարտած «Մոսկուա Օփըն-2015»-ի ճատրակի ուսանողական մրցաշարքին, գերազանց արդիւնքի հասած է վանաձորցի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am կը հաղորդէ, որ Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով ճանչցուած է մրցաշարքի տիտղոսակիր: