Պորուսիա Տորթմունտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին յառաջապահներէն Մարքօ Ռոյս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2019:
Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին միջազգային մարզական մամուլը ընդհանրապէս կը խօսէր Ռոյսի` այլ կազմի մը փոխանցուելուն մասին` նշելով, որ կարգ մը անուանի ակումբներ, որոնց կարգին` Պայէրն Միւնիխ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, կ՛ուզեն իրենց կազմին մէջ տեսնել Ռոյսը:
Այս ուղղութեամբ Ռոյս ոչ մէկ յայտարարութիւն կը կատարէր եւ կը խուսափէր իր տեղափոխութեան գծով որեւէ տեղեկութիւն փոխանցելէ:
Այժմ, իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէ ետք, Ռոյս ըսաւ, որ ինք իր խումբին հետ յառաջիկային շատ իրագործելիքներ ունի: