Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս` 67-45

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Հուփսը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 67-45 արդիւնքով (18-11, 14-12, 16-9 եւ 19-13): ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Սանտրա Նաժըմ (19 կէտ), Նաթալի Սվաճեան (16), Ալիք Թապաքեան (11), Լէյլա Ֆարես (7), Լուպնա Ապտալլա, Քաթերին Հաժ-Պապիկեան (4-ական), Այտա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Բարեփոխուած Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին լիբանանեան ֆութպոլի մրցումները առկախուեցան կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով: Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր յայտագիր մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի բարեփոխուած մրցումներուն յայտագիրը. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՇԱԲԱԹ, 28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մապարրա - ՀՄԸՄ 14:15 Ահտ 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՄԱՐՏ Ահլի Սայտա -...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէր Լեւերքուզըն Եւ Մոնաքօ` Յաղթական

Արսենալ - Մոնաքօ մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ, մէկը Անգլիոյ, իսկ միւսը` Գերմանիոյ մէջ: Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին Պայէր Լեւերքուզըն հիւրընկալեց Սպանիոյ ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտը: Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն 57-րդ վայրկեանին Հաքան Քալհանօղլուի նշանակած կոլին շնորհիւ դաշտին տէրը 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ: 76-րդ վայրկեանին Աթլեթիքօ կորսնցուց...

Լուէյզի Պատուեց Իր Տղոց Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Խումբերը

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Սիմար Պահըր» ճաշարանին մէջ, Լուէյզի ակումբը (Զուք Մոսպեհ) պատուեց իր տղոց պասքեթպոլի եւ ֆութսալի խումբերը: Այդ երեկոյին ներկայ էին Լուէյզի ակումբի ու Լուէյզի վարժարանի նախագահ Հայր Շարպել Հատտատ եւ այլ պատասխանատուներ, ակումբին թեքնիք պատասխանատուներն ու երկու խումբերուն մարզիկները: Մարզիկներուն իր ուղղած խօսքին մէջ հայր Հատտատ շնորհաւորեց երկու կազմերուն արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքները` Բ. դասակարգի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հըրիէ Սայտա Ծանր Պատիժներ Ստացաւ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Նախ եւ առաջ շնորհաւորանքի յատուկ խօսք մը փոխանցուեցաւ Լիբանանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբին, որ հանդիսացաւ 2015-ի Արաբական ախոյեան: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան պիտի մասնակցի Ասիոյ 16 տարեկանէն վար կրտսերներու եւ Ասիոյ 19 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեանութեան: Ֆետերասիոնը ծանր պատիժներ սահմանեց Հըրիէ Սայտայի դէմ, որ Կանըրզ...

Ճատրակ.  Հայրենի 9 Մասնակցողներէն 4-ը Յաղթանակով Սկսան Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Ճատրակ. Հայրենի 9 Մասնակցողներէն 4-ը Յաղթանակով Սկսան Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 9 ճատրակ խաղացողներով: Ա. հանգրուանի մրցումներուն անոնցմէ չորսը յաղթանակով սկսան ախոյեանութիւնը: Անոնք են` Գաբրիէլ Սարգսեան, Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան: Հրանդ Մելքումեան, Արման Միքայէլեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Զաւէն Անդրէասեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Վլատիմիր Պօղոսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց:  

Կռփամարտ. Առաջին Օրը Յաջող Էր Հայրենի Կռփամարտիկներուն Համար

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ սկսաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենայ 66-րդ անգամ ըլլալով: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 240 կռփամարտիկներ` 34 երկիրներէ, որոնց կարգին նաեւ` Հայաստանէն: Մրցումներուն առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 4 կռփամարտիկներ, որոնցմէ 3-ը յաղթանակ արձանագրեցին: Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ) եւ Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ) յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Յակոբ Մելքոնեան ձախողեցաւ իր...

Գանձասար Կապան Պիտի Փոխարինէ Գանձասարը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասարի փոխարէն ելոյթները պիտի շարունակէ անոր իրաւայաջորդը` Գանձասար Կապանը: Այս նոր դասաւորումը յստակացաւ, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռուբէն Հայրապետեան զրուցեց լրագրողներուն հետ, ֆետերասիոնին ունեցած հերթական ժողովէն ետք: Կային որոշ հարցեր, որոնց իբրեւ հետեւանք Գանձասարի նիւթական ֆինանսաւորումի ապահովումը դադրած էր եւ այդ պատճառով խումբը չէր կրցած...

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Մագլցում Պիտի Արձանագրէ

Ռուսիան ներկայացնող 20 տարեկան թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան վերջերս տիրացաւ Մոսկուայի թենիսի բաց մրցաշարքի տիտղոսին: Իր լուրը քաղելով gotennis.ru կայքէն` ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր 25 հազար ամերիկեան տոլար: Գասպարեան տիրանալով այս մրցաշարքին տիտղոսին յաջողեցաւ ապահովել 50 կէտ: Այս արդիւնքին հիման վրայ, երիտասարդ մարզիկը թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ պիտի բարձրանայ 170-րդ դիրքին:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 44-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 44-րդ յաղթանակը` 114-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 32 կէտ: Նշենք, որ Ուորիըրզի նման ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է նաեւ Աթլանթա Հոքս: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 114-107 Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Տիթրոյիթ...

Դահուկարշաւ. Միքայէլեան Եւ Եղոյեան Մասնակցեցան 15 Քմ Անհատական Մրցումին

Շուէտի մէջ տեղի ունեցող 2015-ի դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 15 քմ ազատ ոճի անհատական մրցավազքի տղոց մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն Սերկէյ Միքայէլեան եւ Արթուր Եղոյեան: Արձանագրելով 39' 59" արդիւնք մը` Միքայէլեան 67 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 67-րդ դիրքը` առաջին հանդիսացողէն զիջելով 4' 58"-ով: Իսկ Եղոյեան արձանագրելով 41' 10" արդիւնք մը գրաւեց 77-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am` եզրափակելով, որ առաջին դիրքը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, 25 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Վաղը միեւնոյն ժամուն եւ վայրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել...

Վաչէ Ծատուրեան Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Առաջին Ժողովին

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, որ մաս կը կազմէ Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, իր մասնակցութիւնը բերաւ վերջինիս կատարած առաջին ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Ֆետերասիոնին նախագահը` Պրայըն Քոքսըն, յայտնեց, որ ինք եւ բոլոր անդամները ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն կազմուած այս նոր ֆետերասիոնին աշխատանքները յաջողցնելու եւ ամէն ջանք թափելու, որ այս...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Եուվենթուս` Յաղթական

Լուիս Սուարես «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան հետաքրքրական երկու ճակատումներ: Առաջինին Եուվենթուս հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը, մինչ երկրորդին, Պարսելոնա հիւրը եղաւ Մանչեսթըր Սիթիի: Պարսելոնա Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ շնորիիւ Լուիս Սուարեսի նշանակած կոլերուն (16- եւ 30-րդ): Սակայն 69-րդ վայրկեանին Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց կոլ մը ի նպաստ անգլիական ակումբին: Վերջինիս խմբակից Կայել...

Լիբանանի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Խումբը` Արաբական Ախոյեան

Լիբանանի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Խումբը` Արաբական Ախոյեան

Տոհայի մէջ (Քաթար) աւարտեցաւ Արաբական ֆութպոլի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Ճիպութիի միջեւ: Լիբանանի ազգային խումբը մեծ եւ կարեւոր իրագործում մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տանելով տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Արաբական ախոյեան: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հանին Թամիմ` 6-րդ վայրկեանին: 82-րդ վայրկեանին Լիբանան առիթը ունէր արդիւնքը վերածելու 2-0-ի, սակայն Այա Ժըրտի հարուածեց...

Թենիս.  Լիբանանի 14 Տարեկանէն Վար Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մալեզիա

Թենիս. Լիբանանի 14 Տարեկանէն Վար Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մալեզիա

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի 14 տարեկանէն վար թենիսի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մալեզիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարէն 2 մարտ: Լիբանանէն բացի զտումի այս մրցաշարքին կը մասնակցին Իրան, Իրաք, Մալեզիա, Նեփալ, Սինկափուր, Սրի Լանքա եւ Թուրքմենիստան: Լիբանանի կազմին մարզիչն է Ֆատի Պիտան, իսկ...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Եւ Սերկէյ Մովսիսեանի Ելոյթները` «Պունտըսլիկա»-ի Մրցումներուն

Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան, որոնք Պատեն-Պատեն ակումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերմանիոյ խմբային ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին: Արոնեան նախ հաւասարեցաւ Ալեքսանտր Տոնչենքոյի հետ (Գերմանիա), ապա յաղթանակ մը արձանագրեց Ալեքսանտր Ֆիերի դէմ (Պրազիլ): Ինչ կը վերաբերի Մովսիսեանի, ան առաջին մրցումին յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Ուֆուք Թունչերի, իսկ երկրորդին`...

Թենիս. Սիմոն Դարձաւ Ֆրանսայի Պատմութեան 2-րդ Ամէնէն Շատ Տիտղոսներու Տիրացած Մարզիկը

Նախորդ շաբաթավերջին Մարսէյի մէջ (Ֆրանսա) աւարտած «Մասթըրզ-250»-ի թենիսի տիտղոսին տիրացած ֆրանսացի Ժիլ Սիմոն, իր ասպարէզին 12-րդ բաժակը բարձրացուց` աւարտականին յաղթելէ ետք Կայէլ Մոնֆիսին (Ֆրանսա): 30 տարեկան Սիմոն այսպիսով հանդիսացաւ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ 2-րդ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած մարզիկը: Սիմոնէն շատ տիտղոսներու տիրացած է Եաննիք Նոա. 23 տիտղոս:

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Կը Քննարկէ Ռիոյի Աղտոտ Ջուրին Հարցը

Իր նիստերէն մէկուն ընթացքին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն քննարկեց Ռիօ Տը Ժանէյրոյի ապականած ջուրին հարցը` նկատի ունենալով, որ այդ հոսող ջուրերուն վրայ տեղի պիտի ունենան 2016-ի ողիմպիական խաղերուն թիավարութեան մրցումները: Երբ Ռիօ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը այդ խաղերը հիւրընկալելու համար, ըսաւ, որ այդ ապականած ջուրերուն հարցը պիտի բարելաւէ 80 տոկոսով: Սակայն ցարդ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է այդ գծով, եւ ողիմպիական կոմիտէն...

Դահուկարշաւ. Քաթիա Գալստեան Գրաւեց Վերջին Դիրքը

Շուէտի մէջ տեղի ունեցող 2015-ի դահուկասփորի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, աղջկանց 10 քմ անհատական դահուկավազքի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաթիա Գալստեան: Ան արձանագրելով 35' 39" արդիւնք մը, 71 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 70-րդ դիրքը: Մրցումին ընթացքին այդ 71 մասնակցողներէն մէկը քաշուեցաւ պայքարէն: Այս մարզաձեւին մէջ յաղթական հռչակուեցաւ շուէտացի Քալա Շարլոթ, որ Գալստեանի արդիւնքը գերազանցեց 10' 31"-ով, իր լուրը...

Page 1253 of 1274 1 … 1,252 1,253 1,254 … 1,274

Արխիւներ