Նախորդ շաբաթավերջին Մարսէյի մէջ (Ֆրանսա) աւարտած «Մասթըրզ-250»-ի թենիսի տիտղոսին տիրացած ֆրանսացի Ժիլ Սիմոն, իր ասպարէզին 12-րդ բաժակը բարձրացուց` աւարտականին յաղթելէ ետք Կայէլ Մոնֆիսին (Ֆրանսա):
30 տարեկան Սիմոն այսպիսով հանդիսացաւ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ 2-րդ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած մարզիկը:
Սիմոնէն շատ տիտղոսներու տիրացած է Եաննիք Նոա. 23 տիտղոս: