Տոհայի մէջ (Քաթար) աւարտեցաւ Արաբական ֆութպոլի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Ճիպութիի միջեւ:
Լիբանանի ազգային խումբը մեծ եւ կարեւոր իրագործում մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տանելով տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Արաբական ախոյեան:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հանին Թամիմ` 6-րդ վայրկեանին:
82-րդ վայրկեանին Լիբանան առիթը ունէր արդիւնքը վերածելու 2-0-ի, սակայն Այա Ժըրտի հարուածեց բերդէն դուրս:
Լիբանանի բերդապահ Նատիա Նասըր լաւապէս պաշտպանելով իր բերդը արգելք հանդիսացաւ, որ մրցակից խումբը կոլ նշանակէ իր բերդին մէջ:
Այս մրցումին Լիբանան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Նատիա Նասըր, Ֆարահ Ժանիտ, Ռանա Մըքտատ, Հանին Թամիմ, Եարա Մաթար, Այա Ժըրտի, Միրիամ Շեհապ, Ֆաթմէ Խաշապ, Հալա Ղալայինի, Տինա Շաար, Քարիմ Քարամ, Մելիսա Տահեր, Իսմար Ռոմանոս, Քորին Տաու եւ Ուըհպա Մաքլի: