Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի 14 տարեկանէն վար թենիսի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մալեզիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարէն 2 մարտ:
Լիբանանէն բացի զտումի այս մրցաշարքին կը մասնակցին Իրան, Իրաք, Մալեզիա, Նեփալ, Սինկափուր, Սրի Լանքա եւ Թուրքմենիստան:
Լիբանանի կազմին մարզիչն է Ֆատի Պիտան, իսկ մարզիկները` Նուր Տիպ, Միրիամ Մասուտ եւ Միրա Սայետ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ճամբելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էր Լիբանանի ազգային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու եւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի անդամ Ռիշար Հաժ:
Յայտնենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան Քոշինկ քաղաքին մէջ: