Շուէտի մէջ տեղի ունեցող 2015-ի դահուկասփորի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, աղջկանց 10 քմ անհատական դահուկավազքի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաթիա Գալստեան:
Ան արձանագրելով 35′ 39″ արդիւնք մը, 71 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 70-րդ դիրքը: Մրցումին ընթացքին այդ 71 մասնակցողներէն մէկը քաշուեցաւ պայքարէն:
Այս մարզաձեւին մէջ յաղթական հռչակուեցաւ շուէտացի Քալա Շարլոթ, որ Գալստեանի արդիւնքը գերազանցեց 10′ 31″-ով, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: