Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, 25 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Վաղը միեւնոյն ժամուն եւ վայրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: