Իր նիստերէն մէկուն ընթացքին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն քննարկեց Ռիօ Տը Ժանէյրոյի ապականած ջուրին հարցը` նկատի ունենալով, որ այդ հոսող ջուրերուն վրայ տեղի պիտի ունենան 2016-ի ողիմպիական խաղերուն թիավարութեան մրցումները:
Երբ Ռիօ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը այդ խաղերը հիւրընկալելու համար, ըսաւ, որ այդ ապականած ջուրերուն հարցը պիտի բարելաւէ 80 տոկոսով: Սակայն ցարդ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է այդ գծով, եւ ողիմպիական կոմիտէն անկէ կը պահանջէ շատ արագ լուծում գտնել այդ հարցին: