Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Սիմար Պահըր» ճաշարանին մէջ, Լուէյզի ակումբը (Զուք Մոսպեհ) պատուեց իր տղոց պասքեթպոլի եւ ֆութսալի խումբերը:
Այդ երեկոյին ներկայ էին Լուէյզի ակումբի ու Լուէյզի վարժարանի նախագահ Հայր Շարպել Հատտատ եւ այլ պատասխանատուներ, ակումբին թեքնիք պատասխանատուներն ու երկու խումբերուն մարզիկները:
Մարզիկներուն իր ուղղած խօսքին մէջ հայր Հատտատ շնորհաւորեց երկու կազմերուն արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքները` Բ. դասակարգի մրցումներուն, շեշտելով այն կարեւոր կէտը, որ իրենց գլխաւոր նպատակն է այս տպաւորիչ արդիւնքները շարունակելով ամէն ճիգ ի գործ դնել` բարձրանալու համար Ա. դասակարգ: