Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ սկսաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենայ 66-րդ անգամ ըլլալով: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 240 կռփամարտիկներ` 34 երկիրներէ, որոնց կարգին նաեւ` Հայաստանէն:
Մրցումներուն առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 4 կռփամարտիկներ, որոնցմէ 3-ը յաղթանակ արձանագրեցին:
Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ) եւ Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ) յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Յակոբ Մելքոնեան ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:
Յիշատակելի եղաւ պատանիներու աշխարհի եւ երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Սողոմոնեանի գեղեցիկ ոճով արձանագրուած յաղթանակը` ազրպէյճանցի Ազար Իմամալիեւի դէմ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: