ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասարի փոխարէն ելոյթները պիտի շարունակէ անոր իրաւայաջորդը` Գանձասար Կապանը:
Այս նոր դասաւորումը յստակացաւ, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռուբէն Հայրապետեան զրուցեց լրագրողներուն հետ, ֆետերասիոնին ունեցած հերթական ժողովէն ետք:
Կային որոշ հարցեր, որոնց իբրեւ հետեւանք Գանձասարի նիւթական ֆինանսաւորումի ապահովումը դադրած էր եւ այդ պատճառով խումբը չէր կրցած իր ձմեռնային նախապատրաստական հաւաքը կատարել: