Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն – ՀՄԸՄ` 98-82

Թատամոն-ՀՄԸՄ երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ հիւրը եղաւ Թատամոնի: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 98-82 արդիւնքով (24-19, 49-36, 72-62 եւ 98-82): Երէկ տեղի ունեցաւ այլ մրցում մըն ալ, երբ Մութթահետ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը: Այս մրցումը եւս...

Քոնկ Ֆու. Աւետիս Սերոբեան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի. Լիբանան Հանդիսացաւ 4-րդ` Արեւմտեան Եւ Միջին Ասիոյ Մրցաշարքին

Աւետիս Սերոբեան (կեդրոնը) Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ազգային խումբը հանդիսացաւ 4-րդ Արեւմտեան եւ Միջին Ասիոյ միջազգային մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներ: Իրանեան Զահտան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրաք, Եմէն, Սուրիա, Աֆղանիստան, Փաքիստան, Ուզպեքիստան, Թուրքմենիստան, Ղազախստան, Լիբանան եւ անշուշտ հիւրընկալ երկիրը` Իրան: Մինչ Նեպիլ Ապի Ապտալլա, Պահզատ Քարամ եւ Շատի Միլան Լիբանանին ապահովեցին պրոնզէ...

Կայել Անտոնեան 21 Մարտին Կը Հրաւիրուի Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքական

ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Օլիմփիք Մարսէյի յետսապահ Կայել Անտոնեան կարելիութիւն պիտի ունենայ խաղալու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ըսաւ, որ 20 տարեկան ֆութպոլիստը այսօր կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան իր անձնագիրը, իսկ 21 մարտին պիտի հրաւիրուի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 29 մարտին Թիրանայի մէջ պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) 3-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 1 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկի դէմ: Բ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

Սթեֆան Ռոշ` Լիբանանի Մէջ

Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբին յատուկ հրաւէրով, 5 մարտին ֆրանսական Օլիմփիք Լիոնի մարզիչներու ընդհանուր տնօրէն, ֆրանսացի միջազգային նախկին մարզիկ Սթեֆան Ռոշ կ՛այցելէ Լիբանան եւ կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբի նախագահ Ռոպեր Փաուլիի հետ միասնաբար: Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ ակումբին մէջ (Տըպպայէ), երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

Ճատրակ. Հայրենի Խաղացողներուն Արձանագրած Արդիւնքները` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, հայրենի ճատրակ խաղացողներուն մէջ ցարդ ամէնէն լաւ արդիւնքը արձանագրած է Կարէն Գրիգորեան, որ 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք ապահովելով 3,5 կէտ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ ուքրանացի Անթոն Քորոպով, որ ապահոված է առաւելագոյն 4 կէտը: 3-ական կէտ ապահոված են Գաբրիէլ Սարգսեան (27-րդ), Վլատիմիր Յակոբեան (39-րդ) եւ Զաւէն Անդրէասեան (57-րդ):...

Պասքեթպոլ. Մահացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Առաջին Սեւամորթ Խաղացողը

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ի. Էս. Փի. Էն.» հաղորդեց, որ նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու մէջ իր 87 տարեկան հասակին մէջ մահացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին սեւամորթ խաղացողը` Ըրլլոյտ: Ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն սկսաւ մասնակցիլ 1950-ին` մաս կազմելով Ուաշինկթըն Քեփիթըլզի: Ան 1955-ին Սիրաքուզ Նեշընըլզի հետ հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: Լոյտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ընդամէնը մասնակցեցաւ 560...

Գէորգ Կարապետեան Տեղափոխուեցաւ Միքա

Բանանց Երեւանի նախկին ֆութպոլիստ Գէորգ Կարապետեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միքայի հետ, յայտնեց ArmSport.am: Նշենք, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր ակումբին հետ պայմանագիր մը կնքեց մինչեւ 1 օգոստոս: Ան նախորդ յունուարին վերջը երկկողմանի յարաբերութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց Բանանցի հետ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շաալեթ Քամալ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կը մրցի Շաալեթ Քամալի դէմ: Լեռնալիբանանի նահանգին մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցող այս մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին` Քֆարշիմայի դաշտին վրայ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին, երբ ամբողջանան դարձի մրցումները: 14-րդ եւ դարձի 7-րդ` վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը այսօր` ուրբաթ, 27 փետրուարին, կը մրցի Թատամոնի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:50-ին: Նոյն ժամուն, սակայն Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի), Մութթահետ այսօր կը հիւրընկալէ Շանվիլը:...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Մենամարտի Ռոպըրթ Շթիքլիցի Հետ

Կռփամարտի միջազգային կազմակերպութիւնը («WBO») «ՍԵՍ Պոքսինկ» եւ «Սաուըրլենտ Իվենթ» ընկերութիւններուն ծանուցագիրներ ուղարկած է, որպէսզի անոնք բանակցութիւններու սկսին երկրորդ միջին կարգի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպըրթ Շթիքլիցի միջեւ մենամարտ կազմակերպելու համար: Բանակցութիւններու աւարտէն ետք 90 օրուան ընթացքին այդ մենամարտը անպայման պէտք է կատարուի, կը յայտնէ ArmSport.am: «Վերջապէս ամէն ինչ որոշուած է: Կարճ ու կտրուկ, յարգելի Արթուր: Միայն մէկ նպատակ կայ ինծի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2014-2015 տարեշրջանի յայտագիրները հասած են աւարտական հանգրուան: Մինի ֆութպոլի քառորդ աւարտական, իսկ պասքեթպոլի կիսաւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթավերջին, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ, յաջորդաբար` շաբաթ, 28 փետրուար եւ կիրակի, 1 մարտ 2015-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն յայտագիրը. ՄԻՆԻ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Տարիքային Դասակարգի Մարզիչներու Դասընթացք

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Տարիքային Դասակարգի Մարզիչներու Դասընթացք

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 27-29 մարտին Սանթրալ ակումբին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենայ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը` տարիքային դասակարգին համար: Ասիկա տեղի պիտի ունենայ գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Ասիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոններուն: Այս դասընթացքին ներկայ պիտի ըլլան եւ հսկեն սերպ Վեսելին Մաթիչ, անոր ազգակիցը` Միլան...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գրիգորեան Եւ Յովհաննիսեան Դարձեալ Յաղթեցին

Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի 9 ներկայացուցիչներէն չորսը` Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին: Հայաստանի ախոյեան Կարէն Գրիգորեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան հայրենի մասնակցողներուն մէջ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ: Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 8 մարտին: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան առաւելագոյն 7 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով Իթուի մէջ...

Կռփամարտ. Պուլկարիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Հայրենի 10 Կռփամարտիկներէն 7-ն Կը Պայքարին Մետալի Համար

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ կը շարունակուի կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 10 կռփամարտիկով: Այս 66-րդ միջազգային մրցաշարքին, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած հայրենի վեց կռփամարտիկներէն չորսը յաղթեցին իրենց մրցակիցներուն, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իր 2-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ): Վստահ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ): Իրաւարարներուն միաձայն...

Արտեոմ Խաչատուրով Տեղափոխուեցաւ Զիմպրու

Իր պայմանագրութիւնը խզելէ ետք Թիրասփոլի հետ, կեդրոնի յետսապահ Արտեոմ Խաչատուրով ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Զիմպրուի հետ: Վերջինս Մոլտովայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը: Նշենք, որ նախապէս Խաչատուրով քանի մը անգամ հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբ:  

Սիմոնեան. «Հայաստանի Հաւաքականի Մրցումէն Ետք Սկսայ Մաս Չկազմել Զենիթի Հիմնական Խումբին»

Զուիցերիական Ցիւրիխի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Արտեոմ Սիմոնեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն հեռանալու իր որոշումին մասին: Ան ըսաւ. «Վիլաս Պոասի տեղափոխութենէն ետք երեք ամիս աշխատեցայ հիմնական խումբին հետ, կը յայտնուէի հանդիպումներուն ցանկին վրայ` մնալով միշտ գլխաւոր մարզիչին ուշադրութեան ներքեւ: Կը հասկնայի, որ դժուար է դիրքս հիմնական կազմին հետ եւ այդ իսկ պատճառով կը...

Վիուլեն Այվազեան Տեղափոխուեցաւ Շիրակ

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շիրակ Գիւմրի 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 20 տարեկան յառաջապահ Վիուլեն Այվազեանի հետ: Այդ պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2019: Նախքան Շիրակի մաս կազմելը, Այվազեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է Փիւնիկ Երեւանի հետ (2008): Ան 2012-էն սկսեալ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած է Փիւնիկի հետ: Ան մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի...

Լեւոն Հայրապետեան Պայմանագիր Ստորագրեց Փիւնիկի Հետ

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Փիւնիկ Երեւան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեանի հետ: 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր խումբին միացաւ Անթալիոյ մէջ եւ հոն իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումի: Հայրենի աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայրապետեան, նախքան իր նոր կազմին միանալը, հանդէս կու գար չեխական Փրիպրամի հետ:

Լուքաս Պիշթչեք 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Լուքաս Պիշթչեք, որ Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») վիրաւորուեցաւ, 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ լեհ ֆութպոլիստը վերոնշեալ մրցումին վիրաւորեց իր ոտնամատը:

Page 1252 of 1274 1 … 1,251 1,252 1,253 … 1,274

Արխիւներ