Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 9 ճատրակ խաղացողներով:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն անոնցմէ չորսը յաղթանակով սկսան ախոյեանութիւնը: Անոնք են` Գաբրիէլ Սարգսեան, Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Հրանդ Մելքումեան, Արման Միքայէլեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Զաւէն Անդրէասեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Վլատիմիր Պօղոսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց: