
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան հետաքրքրական երկու ճակատումներ:
Առաջինին Եուվենթուս հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը, մինչ երկրորդին, Պարսելոնա հիւրը եղաւ Մանչեսթըր Սիթիի:
Պարսելոնա Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ շնորիիւ Լուիս Սուարեսի նշանակած կոլերուն (16- եւ 30-րդ): Սակայն 69-րդ վայրկեանին Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց կոլ մը ի նպաստ անգլիական ակումբին:
Վերջինիս խմբակից Կայել Քլիշի 74-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ Պարսա օտար դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց:
Ինչ կը վերաբերի Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Քարլոս Թեւես 13-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Եուվէի, սակայն 5 վայրկեան ետք Մարքօ Է Ռէօս հաւասարեցուց արդիւնքը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ի նպաստ Եուվենթուսի, երբ Ալվարօ Մորաթա նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը (43-րդ):
Այդպէս ալ աւարտեցաւ մրցումը եւ Եուվենթուս տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Մոնաքոն, մինչ Պայէր Լեւերքուզըն` Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: