Մարզական

Վոլիպոլ. Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատան Խումբը Ապահովեց «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի Իր Տոմսը

Պարտութեան մատնելէ ետք Շըհիմ խումբը (3-1), Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան խումբը ապահովեց Լիբանանի վոլիպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի իր տոմսը: Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած այս մրցումին ներկաներուն կարգին էին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, ամերիկեան դեսպանատան ակումբի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ասաատ Նախըլ եւ այլ ներկաներ:  

Քաթարի 2022-ի Մոնտիալը Պէտք Է Տեղի Ունենայ Նոյեմբեր – Դեկտեմբերին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆա այդքան ալ համամիտ չի թուիր, որ 2022-ի Մոնտիալը Քաթարի մէջ տեղի ունենայ մայիսին: Անոր կարծիքով, Մոնտիալին կայացման համար աւելի յարմար կը թուին ըլլալ նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսները: Կը գտնուի նաեւ այլ տարբերակ մըն ալ` յունուար - փետրուարը: Սակայն, ըստ անոր, վերջին տարբերակը այդքան ալ նպաստաւոր չէ, որովհետեւ կրնայ խանգարել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ ՀՄԸՄ – Հուփս` 85-77

ՀՄԸՄ - Հուփս երէկուան մրցումէն PROFOTO0 Յաջորդական հինգ պարտութենէ ետք, երէկ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը արձանագրեց դարձի իր առաջին յաղթանակը, երբ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ 85-77 արդիւնքով (24-16, 50-33, 70-49 եւ 85-77) պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Հուփսը: Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան...

Աթլեթիզմ.  Լորի Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին` 300 Մեթր Վազքի Մրցումին

Աթլեթիզմ. Լորի Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին` 300 Մեթր Վազքի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Հատասի Լիբանանեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան 2015 տարուան առաջին` աթլեթիզմի մրցումները, ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումին, Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան տիրացաւ առաջնութեան` արձանագրելով 47" 29 արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից Զուէյ Տաղեր (49" 13): Աղջկանց 100...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս – Պորուսիա Տորթմունտ Տաք Ճակատում

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Պորուսիա Տորթմունտը: Վստահաբար բոլորին ուշադրութեան առարկան պիտի դառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը ճիշդ 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ Եուվենթուս - Պորուսիա Տորթմունտ...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Պասքեթպոլի Արդիւնքները Եւ Մրցումներուն Լաւագոյն Մարզիկները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Արդիւնքները Եւ Մրցումներուն Լաւագոյն Մարզիկները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն խմբակներու վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 փետրուար 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ. այդ մրցումներուն արդիւնքներուն հիման վրայ յստակացան կիսաւարտական հասնող վարժարանները, որոնք պիտի մրցին յառաջիկայ կիրակի` ապահովելու համար աւարտական մրցումի իրենց տոմսերը: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիրակի, 22 փետրուար 2015-ի արդիւնքները եւ մրցումներու լաւագոյն մարզիկներու անունները....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պրումմանա Հանդիսացաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեան

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պրումմանա եւ Մէյրուպա: Համակիրներու հոծ ներկայութեան, Պրումմանա 74-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Անոր հետ միասին Գ. դասակարգ բարձրացան նաեւ նոյնինքն Մէյրուպա, Աթլաս - Ֆըրզոլ եւ Շապապ Սուր: Աւարտական այդ մրցումէն...

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Պէյրութի Դրամատունը Եւ Լիբանանեան Բանակը Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Նախորդ շաբաթավերջին Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները: Պէյրութի դրամատունը եւ Լիբանանեան բանակը ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը` յաջորդաբար յաղթելէ ետք «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ի (6-2) եւ «Էյ. Եու. Սի. Թի.»-ի (8-4): Նշենք, որ Պէյրութի դրամատունը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:  

Աթլեթիզմ. Հայ Մարզիկները Մասնակցեցան Պալքանեան Երկիրներու Խմբային Ախոյեանութեան

Նախորդ շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 երկիրներու ազգային խումբերը: ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստան: Տղոց հաւաքականը գրաւեց 10-րդ դիրքը, իսկ աղջկանց հաւաքականը` 9-րդ դիրքը: Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ տղոց դրօշարշաւի խումբը, որուն մաս կազմեցին Տիգրան Մկրտչեան, Ռոման Ալեքսանեան, Աշոտ...

Ճատրակ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որուն բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` Երուսաղէմի մէջ, Հայաստան պիտի ունենայ 9 ներկայացուցիչ: Անոնք են` Հրանդ Մելքումեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Արման Միքայէլեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան: Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, 24 փետրուարին: Մրցաշարքը, որ բաղկացած է 11 հանգրուանէ, կ՛աւարտի 9 մարտին, կը հաղորդէ ArmSport.am:

Կայէլ Անտոնեան Կոլի Հեղինակ` Մարսէյ Բ.-ի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ լիկայի Է. խմբակին մէջ ելոյթ ունեցող Մարսէյի երկրորդ խումբը, 17-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օպանի հետ: ArmSport.am հաղորդեց, որ Մարսէյի կոլը նշանակեց հայկական ծագում ունեցող միջնապահ Կայէլ Անտոնեան: Նշենք, որ Օլիմփիք Մարսէյի Բ. խումբը այժմ 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 53 կէտ ապահովելով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Քասիաս Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց «Լա Լիկա»-ին Մէջ

ArmSport.am մէջբերում կատարելով «Մարքա»-էն հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Իքեր Քասիաս «Լա լիկա»-ին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց յաղթանակներու թիւի իմաստով: Նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտի հետ Էլչէի դէմ արձանագրուած յաղթանակը 328-րդն էր Քասիասի համար: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր արքայական ակումբի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսին, որ Ռէալի հետ 550 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 327 յաղթանակ: Նշենք,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

Սաժես - Մութթահետ երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Հուփս մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ երէկ Սաժես, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց...

Կռփամարտ.  Արթուր Աբրահամը Դարձեալ Զօրաւոր Էր Փոլ Սմիթէն

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամը Դարձեալ Զօրաւոր Էր Փոլ Սմիթէն

Նախորդ շաբաթավերջին Պերլինի (Գերմանիա) «O-2 Ուորլտ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի երկրորդ միջին կարգի, «WBO»-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ անգլիացի Փոլ Սմիթի միջեւ մենամարտը: Թէեւ Արթուր Աբրահամ առաւելութիւն ունէր ամբողջ մենամարտին ընթացքին, սակայն մրցակիցը մեծ ջանք կը թափէր նաք-աութէն խուսափելու համար: Կը կարծուէր, որ Աբրահամ ժամանակէն առաջ պիտի աւարտէ հանդիպումը, սակայն 10-րդ ռաունտին վերջը անգլիացին յաջող...

Ըմբշամարտ. Գրիգորեան Եւ Քազիշվիլի Յաղթական` Խարքովի Մէջ

Խարքովի մէջ (Ուքրանիա) նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ հայազգի անուանի ըմբիշ Յովհաննէս Սահակեանի անուան 30-րդ յուշամրցաշարքը, որուն ընթացքին յաղթական հռչակուեցան ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Գրիգոր Գրիգորեանն ու Վիքթոր Քազիշվիլին: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am յայտնեց, որ Գրիգորեան եւ Քազիշվիլի իրենց յաղթանակները արձանագրեցին յաջորդաբար 74 եւ 97 քկ դասակարգերուն մէջ: Նշենք, որ Խարքովի մէջ տեղի ունեցած այս...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2014-2015 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի երրորդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 21 փետրուար, 2015-ին: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարան (Մեծ) 3-0 Կերթմենեան վարժարան - Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան (Փոքր) 3-4 Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան - Ս. Խաչ - Հարպոյեան վարժարան (Միջակ) 0-3 Թորոսեան վարժարան - Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա 1-0 Արդիւնքով Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց Մալակայէն. Պայէրն Միւնիխ 6-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Փատերպոռնը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մալակա քիչ մը անակնկալ արդիւնք մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պարսելոնայի` «Նու-Քամփ»-ի մէջ: Պայէրն Միւնիխ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 6-0 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Փատերպոռնը: Անակնկալ մը ստեղծեց նաեւ Սուանզի, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մանչեսթըր Եունայթըտին: Սակայն Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Սիթի, 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Նիւքասըլը: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ժամհուր` 48-26

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները վերջին ցուցմունքները կը ստանան իրենց մարզիչէն` Վարդուկ Մարգարեանէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն (2001-2002-ի ծնունդ) ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ (Բ. խմբակ): Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ («Նաքքաշ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 48-26 արդիւնքով: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 24-9 արդիւնքով կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ա. հանգրուանի...

Դահուկարշաւ. Միքայէլեանի Եւ Եղոյեանի Արդիւնքները` Սքիաթլոնի Մրցումներուն

Շուէտի մէջ կը շարունակուին դահուկարշաւի աշխարհի 2015-ի ախոյեանութեան մրցումները: Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սքիաթլոնի (15+15 քմ) մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէին Սերկէյ Միքայէլեան եւ Արթուր Եղոյեան: ArmSport.am յայտնեց, որ Միքայէլեան, որ 40 թիւը կրած կը մասնակցէր այս մրցաձեւին` արձանագրելով 1 ժամ 23' 57" արդիւնք մը գրաւեց 45-րդ դիրքը: Իսկ Եղոյեան (թիւ 62) 57 մասնակցողներուն մէջ (9-ը ժամանակէն առաջ լքեցին...

Սան Լորենսոյի Նախագահը. «Ես Կ՛ընդունիմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Սան Լորենսոյի Նախագահը. «Ես Կ՛ընդունիմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Սան Լորենսոյի (Սպանիա) նախագահ Մաթիաս Լեմընս, որ մեկնած է Ուրուկուէյ, պատահաբար ճաշարանի մը մէջ հանդիպած է հայ համայնքի հայ երիտասարդական միութեան անդամներուն: Ուրուկուէյահայերը Լեմընսէն խնդրած են լուսանկարուիլ «Ես կ՛ընդունիմ Հայոց ցեղասպանութիւնը» գրութեան հետ, ինչ որ ան ընդունած է շատ մեծ սիրով, իր լուրը կ՛եզրափակէ TotalFootball.am:

Page 1254 of 1274 1 … 1,253 1,254 1,255 … 1,274

Արխիւներ