Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան, որոնք Պատեն-Պատեն ակումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերմանիոյ խմբային ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:
Արոնեան նախ հաւասարեցաւ Ալեքսանտր Տոնչենքոյի հետ (Գերմանիա), ապա յաղթանակ մը արձանագրեց Ալեքսանտր Ֆիերի դէմ (Պրազիլ):
Ինչ կը վերաբերի Մովսիսեանի, ան առաջին մրցումին յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Ուֆուք Թունչերի, իսկ երկրորդին` Սարա Հուլթի (Գերմանիա):
Նշենք, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Պատեն-Պատեն 21 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: