Շուէտի մէջ տեղի ունեցող 2015-ի դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 15 քմ ազատ ոճի անհատական մրցավազքի տղոց մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն Սերկէյ Միքայէլեան եւ Արթուր Եղոյեան:
Արձանագրելով 39′ 59″ արդիւնք մը` Միքայէլեան 67 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 67-րդ դիրքը` առաջին հանդիսացողէն զիջելով 4′ 58″-ով:
Իսկ Եղոյեան արձանագրելով 41′ 10″ արդիւնք մը գրաւեց 77-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am` եզրափակելով, որ առաջին դիրքը գրաւեց շուէտացի Եոհան Օլսըն (35′ 1″):


