Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Լուքաս Պիշթչեք, որ Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») վիրաւորուեցաւ, 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ լեհ ֆութպոլիստը վերոնշեալ մրցումին վիրաւորեց իր ոտնամատը: