Իր պայմանագրութիւնը խզելէ ետք Թիրասփոլի հետ, կեդրոնի յետսապահ Արտեոմ Խաչատուրով ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Զիմպրուի հետ: Վերջինս Մոլտովայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:
Նշենք, որ նախապէս Խաչատուրով քանի մը անգամ հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբ:


