 Կռփամարտի միջազգային կազմակերպութիւնը («WBO») «ՍԵՍ Պոքսինկ» եւ «Սաուըրլենտ Իվենթ» ընկերութիւններուն ծանուցագիրներ ուղարկած է, որպէսզի անոնք բանակցութիւններու սկսին երկրորդ միջին կարգի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպըրթ Շթիքլիցի միջեւ մենամարտ կազմակերպելու համար:

Բանակցութիւններու աւարտէն ետք 90 օրուան ընթացքին այդ մենամարտը անպայման պէտք է կատարուի, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Վերջապէս ամէն ինչ որոշուած է: Կարճ ու կտրուկ, յարգելի Արթուր: Միայն մէկ նպատակ կայ ինծի համար. վերադարձնել գօտին», ըսած է գերմանացի Շթիքլից, որ տիտղոսին պարտադիր թեկնածուն կը նկատուի:
Նշենք, որ այս տիտղոսին Աբրահամ 2 անգամ տիրացաւ (2012-ին եւ 2014-ին, մինչ Շթիքլից` 2013-ին: