Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, հայրենի ճատրակ խաղացողներուն մէջ ցարդ ամէնէն լաւ արդիւնքը արձանագրած է Կարէն Գրիգորեան, որ 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք ապահովելով 3,5 կէտ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ ուքրանացի Անթոն Քորոպով, որ ապահոված է առաւելագոյն 4 կէտը:
3-ական կէտ ապահոված են Գաբրիէլ Սարգսեան (27-րդ), Վլատիմիր Յակոբեան (39-րդ) եւ Զաւէն Անդրէասեան (57-րդ):
Արման Միքայէլեան, որ ապահոված է 2,5 կէտ, կը գրաւէ 62-րդ դիրքը:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 250 ճատրակ խաղացողներ: