Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին, երբ ամբողջանան դարձի մրցումները:
14-րդ եւ դարձի 7-րդ` վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը այսօր` ուրբաթ, 27 փետրուարին, կը մրցի Թատամոնի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:50-ին:
Նոյն ժամուն, սակայն Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի), Մութթահետ այսօր կը հիւրընկալէ Շանվիլը:
Շաբաթ, 28 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ), Հուփս կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Իսկ գագաթի ճակատումին, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 1 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Սաժես Պէյրութը: