ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Փիւնիկ Երեւան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեանի հետ:
25 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր խումբին միացաւ Անթալիոյ մէջ եւ հոն իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումի:
Հայրենի աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայրապետեան, նախքան իր նոր կազմին միանալը, հանդէս կու գար չեխական Փրիպրամի հետ: