Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ազգային խումբը հանդիսացաւ 4-րդ Արեւմտեան եւ Միջին Ասիոյ միջազգային մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներ:
Իրանեան Զահտան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրաք, Եմէն, Սուրիա, Աֆղանիստան, Փաքիստան, Ուզպեքիստան, Թուրքմենիստան, Ղազախստան, Լիբանան եւ անշուշտ հիւրընկալ երկիրը` Իրան:
Մինչ Նեպիլ Ապի Ապտալլա, Պահզատ Քարամ եւ Շատի Միլան Լիբանանին ապահովեցին պրոնզէ մետալներ, անդին Աւետիս Սերոբեան Լիբանանին ապահովեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ` Թայ Չիի եւ Թայ Չի Չուանի մրցումներուն:
Սերոբեանի տիրացած մետալներուն շնորհիւ է, որ Լիբանան յաջողեցաւ գրաւել 4-րդ դիրքը:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին նախագահ Ժորժ Նասիր: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Փաթրիք Պալաա (պատասխանատու) եւ Լուպնա Պիշաղեզ (բժիշկ):