
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ հիւրը եղաւ Թատամոնի:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 98-82 արդիւնքով (24-19, 49-36, 72-62 եւ 98-82):
Երէկ տեղի ունեցաւ այլ մրցում մըն ալ, երբ Մութթահետ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը: Այս մրցումը եւս աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 92-69 արդիւնքով:
Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Դարձի մրցումները կ՛աւարտին վաղը, երբ յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին Մանարայի մէջ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Սաժես Պէյրութը:
Նշենք, որ երէկ Թատամոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտը).
Մարիօ Ապպուտ (3′ 02″), Ռաշատ Մաքքանթց (40′ 00″, 34 կէտ, 5 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (31′ 54″, 5 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մայք Ֆրէյզըր (40′ 00″, 21 կէտ, 11 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (10′ 16″, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (37′ 49″, 18 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (36′ 57″, 4 կէտ, 7 ռիպաունտ):
Թատամոնէն Ժոզեֆ Աքքաուի, որ դաշտ ներկայացաւ 40 վայրկեան, նշանակեց 27 կէտ: